Քրտական Խաղաղութիւն Եւ Արդարութիւն Կուսակցութիւնը Պիտի Պահանջէ, Որ 24 Ապրիլը Սուգի Օր Հռչակուի Թուրքիոյ Մէջ

Սըրրը Սիւրէյյա Էօնտեր

«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ Խաղաղութիւն եւ արդարութիւն կուսակցութենէն երեսփոխան Սըրրը Սիւրէյյա Էօնտեր չորեքշաբթի օր Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ըսած է, որ իր կուսակցութեան անունով կը պատրաստուի խորհրդարան յղել դիմումնագիր մը` որով պիտի պահանջուի, որ 24 ապրիլն ալ Թուրքիոյ մէջ յայտարարուի իբրեւ սուգի եւ տխրութեան օր:

24 ապրիլին հարիւրաւոր հայեր սպաննուեցան, ըսաւ Էօնտեր, ու մենք ալ 24 ապրիլին մասնակցեցանք այն սուգի եւ յարգանքի հանրահաւաքին, որ կազմակերպուեցաւ: Մասնակցեցանք ու ցաւը բաժնեցինք: Այո՛, մեր հողերուն վրայ պատահեցաւ այսպիսի դէպք մը: Ասիկա իթթիհատականներուն կողմէ գործուած մեծ ոճիր մըն էր: Բոլոր լեզուներուն մէջ այսպիսի ոճիրի մը նշանակութիւնը ցեղասպանութիւն է: Այդ օրերուն թալանուեցան ժողովուրդի մը նիւթական ու մշակութային բոլոր ինչքերը: Այժմ, փոխանակ ըսելու, որ մեր պապերը այսպիսի բան մը չեն ըրած, պէտք է անիծենք բոլոր այն մարդիկը, որոնք մասնակից եղան այսպիսի ոճիրի մը գործադրութեան, եւ ատոր փոխարէն պէտք է բարձրացնենք յիշատակը մեր այն պապերուն, որոնք հայերուն պաշտպան կանգնեցան: Այս կերպով է, որ կրնանք ապագան հիմնել խղճմտանքի վրայ:

Էօնտեր շարունակեց ըսելով, որ. «եթէ ցեղասպանութիւն բառը ընդունինք, մեզմէ դրամ կ՛ուզեն, հող կ՛ուզեն», ուղղակի ստորնութիւն է: Եթէ մէջտեղը ցեղասպանութեան յանցանք մը կայ, անոր հատուցումն ալ կ՛ընես: Թէեւ դրամը երբեք չի կրնար թեթեւցնել կորուստին պատճառած ցաւը: Կարգ մը երկիրներ անկեղծ սրտակցութեամբ, կարգ մը երկիրներ ալ իրենց շահերուն բերմամբ զանազան մերձեցումներ ունին այս խնդիրին նկատմամբ ու կը նեղեն Թուրքիան. ասկէ փրկուելու ուղիղ ճամբան է մէկ անգամէն ընդունիլ ու այս հարցը փակել` հայերու ցաւերուն բաժնեկից ըլլալով:

Էօնտեր ասուլիսի ընթացքին ցոյց տուաւ լուսանկարները քանի մը հայերու, որոնք 24 ապրիլ 1915-ին ձերբակալուեցան իրենց տուներէն առնուելով: Ասոնցմէ մէկն էր երեսփոխան Նազարէթ Տաղաւարեան: Ցոյց տուաւ նկարները Ռուբէն Սեւակին, Սիամանթոյին, ամէնէն վերջն ալ Հրանդ Տինքին, ու ըսաւ, որ այս պատճառաւ է, որ երիտասարդ ուղեղներ թունաւորուեցան ու այսօր ալ կրցան գործել նմանօրինակ ոճիրներ:

Ի վերջոյ, Էօնտեր ըսաւ, որ իր կուսակցութիւնը մօտ օրէն խորհրդարան պիտի յղէ դիմումնագիր մը եւ պիտի առաջարկէ, որ 24 ապրիլն ալ Թուրքիոյ մէջ հռչակուի իբրեւ սուգի օր:

Բանավէճ` Լրագրողի Մը Հետ

Ասուլիսի ընթացքին լրագրողի եւ զայրացկոտ մէկ հարցումին պատճառով կարճատեւ բանավէճ մըն ալ տեղի ունեցաւ լրագրողին եւ Էօնտերի միջեւ: Լրագրողը չէր կրցած հանդուրժել Էօնտերի այն յայտարարութիւնը թէ Ցեղասպանութիւնը դրամական մտահոգութիւններով ուրանալը ստորնութիւն է, սկսաւ պոռալով հարցումներ ուղղել երեսփոխան Էօնտերին: «Դուք ամբոխավարութիւն կ՛ընէք հոս, ո՞վ գործեց Ցեղասպանութիւնը, դուք պատմաբա՞ն էք», կը պոռար լրագրողը: Էօնտեր լրագրողը հրաւիրեց աւելի յարգալիր ոճով խօսելու: Եւ երբ լրագրողը ըսաւ, որ ինք ժողովուրդին անունով կը խօսի, Էօնտեր պատասխանեց. «Ե՛ս եմ, որ կը խօսիմ ժողովուրդին անունով, դուն չես, դուն լրագրող մըն ես եւ հոս գրգռութիւն մի՛ ըներ»:

Եւ երբ Էօնտեր իր զրոյցը աւարտին բերաւ յայտնելով, որ նոյն մտայնութիւնն է, որ այսօր այս լուսանկարներուն ցուցադրուելուն նկատմամբ իսկ հանդուրժողութիւն չունի, այս անգամ ալ լրագրողը պոռաց. «Այդ մտայնութիւնն է, որ կը վճարէ ձեր ամսաթոշակները»:

Բանավէճէն ետք նիւթը փոխանցուեցաւ խորհրդարանի նախագահ Ճեմիլ Չիչեքին: Այնուհետեւ լրագրողը ներում հայցեց Էօնտերէն:

 

Share this Article
CATEGORIES