Երիտասարդութեան Հետ Հանդիպման Ընթացքին «Յեղափոխութիւնը Կը Սկսի 6 Մայիսին» Յայտարարեց Վահան Յովհաննիսեան
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան երէկ երիտասարդներուն հետ ՀՅԴ նախընտրական ծրագիրի քննարկման ժամանակ յայտարարեց, որ երիտասարդները պէտք է ըլլան հայ ժողովուրդի ամէնէն աշխուժ ընկերային տարրը, այլ ոչ թէ ամէնէն կրաւորականը, ինչպէս այսօր է:
Ան այս կարծիքը յայտնեց, քանի որ բարեփոխումներու իրականացման, նոր քաղաքականութեան մասին կը խօսին որոշ «տարեց քեռիներ», որոնք աթոռներ կը գրաւեն կառավարութեան եւ խորհրդարանին մէջ: «Մենք դժբախտաբար ականատես կ՛ըլլանք, որ տարբեր համալսարաններուն մէջ ուսանողական խորհուրդներու` փորիկները կլորցուցած, թուշերով, կուրծքերնին կլոր նշաններով տղաքը հարցերը կը լուծեմ արդէն ասպարէզային մակարդակի վրայ եւ արդէն գրաւած են բոլոր կամուրջները` երիտասարդութենէն դէպի իշխանութիւն: Բայց այդ կամուրջներու տէրը ազատ երիտասարդութիւնը պէտք է ըլլայ, ան պէտք է բանայ այդ կամուրջներն ու դռները եւ անոնցմով ապահովէ ազատ երթեւեկութիւնը», նշեց Վահան Յովհաննիսեան:
Դաշնակցական գործիչը ընդգծեց, որ երիտասարդութիւնը ամէնէն շատ կայանալու ձգտումը ունի, եւ ատիկա բնական է, որովհետեւ ան աւելի թարմ է, առողջութիւնը տեղն է, դրական թէ բացասական ցանկութիւնները բաւարարելու անհրաժեշտութիւն կայ, սակայն առողջ եւ կարող ուժերը իրենց «անտարբերութեամբ, տեղ մըն ալ չափազանց զգուշաւորութեան պատճառով» թոյլ կու տան, որ այդ «կլորիկ ժողովուրդը» իրենց ուղղորդէ:
Ըստ Վահան Յովհաննիսեանի, կլորիկը ֆիզիքական յատկանիշ չէ, այլ հոգեկան կլորիկութիւնն է: Ան նշեց, որ յեղափոխութիւնը կը սկսի 6 մայիսին: Ան շեշտեց, որ այդ յեղափոխութիւնը անպայման պիտի յաղթէ, որովհետեւ երիտասարդութիւնը, բաղդատմամբ աւագ սերունդին յեղափոխութիւն բառը ճիշդ կը հասկնայ: Ան նաեւ աւելցուց, որ յեղափոխութիւնը փողոցին մէջ տեղի չ՛ունենար, այլ մարդկային հոգիին մէջ:
Իր կարգին, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան յայտնեց, որ Դաշնակցութեան նախընտրական ծրագիրը մէկ կամ երկու ամսուան որոշ գաղափարներու համախումբ չէ, այլ` Դաշնակցութեան պատմութեան փորձառութեամբ անցած գաղափարներու ամբողջութիւն է:
Ան նշեց, որ Դաշնակցութիւնը միշտ եղած է երիտասարդներու կուսակցութիւն: «122-ամեայ մեր քաղաքական ուժը երբեք չէ ծերացած, պիտի չծերանայ եւ տակաւին աւելի պիտի երիտասարդանայ, որովհետեւ մենք տակաւին պէտք է իրականացնենք մեր ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի սուրբ գործը:
Կարեւոր նկատելով ՀՅԴ նախընտրական ծրագիրի ամբողջական իրականացման համար երիտասարդներու քուէն, Արծուիկ Մինասեան անդրադարձաւ այն խոչընդոտներուն, որոնք թոյլ չէին տար այս խորհրդարանին մէջ իրականացնելու ՀՅԴ-ի ծրագիրները: Ան նշեց, որ եթէ Դաշնակցութիւնը խորհրդարանին մէջ 27 պատգամաւորներ ունենար, ապա սահմանադրութեան համաձայն կարելի պիտի ըլլար ընդունուած շարք մը օրէնքները վիճարկել Սահմանադրական դատարանին մէջ: Դաշնակցական պատգամաւորը իբրեւ օրինակ տուաւ կառավարութեան անվստահութիւն յայտնելու հարցը, որ կարելի չեղաւ սահմանադրական դատարան հասցնել` 27 պատգամաւորներու ստորագրութիւնը չկարենալ հաւաքելու պատճառով: Ան աւելցուց, որ ասիկա այն պարագան էր, երբ նոյն քաղաքական մեծամասնութիւնը դէմ էր կառավարութեան գործունէութեան: «Բայց այնքան տղամարդկութիւն եւ այնքան վճռականութիւն չունէին, որպէսզի միանային, եւ մենք այդ հարցը վիճարկէինք Սահմանադրական դատարանին մէջ», շեշտեց Արծուիկ Մինասեան:
Ըստ դաշնակցական գործիչին, այս ընտրութիւնները նաեւ տղամարդու, տղամարդկային ուժի ընտրութիւններն են. խորհրդարանին մէջ պէտք է ըլլան ազգային կերպարով մարդիկ, որոնց համար հայ մարդը բարձրագոյն արժէք է, իսկ Հայաստանի քաղաքացիին արժանապատուութիւնը` հիմնարար արժէք:

