Ֆրանսայի Նախագահական Երկու Թեկնածուները Մասնակցեցան Հայոց Ցեղասպանութեան 97-Ամեակի Ոգեկոչման
Փարիզի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ Մայր տաճարին մէջ ապրիլ 24-ի նահատակներուն նուիրուած Ս. պատարագի եւ հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք, հանրութիւնը ուղղուեցաւ դէպի Փարիզի Յաղթանակի կամարը: Այս մասին կը գրէ Ֆրանսայի «Նոր Յառաջ» երկօրեայ թերթը:
Հայ նախկին ռազմիկներու կողմէ Անյայտ զինուորի յուշարձանին բոցի վերարծարծման եւ ծաղկեփունջի զետեղման արարողութիւններէն ետք բազմութիւնը ուղղուեցաւ դէպի Քանատա հրապարակ, ուր կը գտնուի Ցեղասպանութեան նուիրուած` Կոմիտասի արձանը եւ ուր տեղի պիտի ունենար բուն արարողութիւնը:
Այս տարի, Ապրիլեան նահատակներու յիշատակին փարիզեան ոգեկոչումը անակնկալներ վերապահած էր: Ֆրանսայի նախագահական ընտրութեան Բ. շրջանին իրարու դէմ մարտնչող երկու թեկնածուները` Հոլլանտ եւ Սարքոզի, որոնք երկուքն ալ կողմնակից եղած են Ֆրանսայի կողմէ ժխտողականութիւնը պատժող օրէնքի մը քուէարկութեան, Կոմիտասի արձան եկան իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Իրականութեան մէջ ոչ այնքան ալ անակնկալ` նկատի առնելով Բ. շրջանի ընտրութեան մօտալուտ թուականը:
Այսուհանդերձ, ընդգծելի է, որ առաջին անգամ ըլլալով Ֆրանսայի նախագահ մը իր ներկայութեամբ կը պատուէ ապրիլ 24-ի ոգեկոչման արարողութիւնը` Նահատակներու յիշատակին բարձրացած Կոմիտասի արձան այցելութեամբ: Նախագահ Սարքոզի հանրապետութեան անունով զետեղեց ծաղկեփունջ մը հանրապետական պահակազօրքի փողահարներուն ընկերակցութեամբ:
Քանատայի հրապարակը եզերող` Երեւանի պուրակին մէջ, ուր զետեղուած է Նահատակներու յուշարձանը, Ընկերվարական կուսակցութեան նախագահական թեկնածու Ֆրանսուա Հոլլանտն էր, որ բեմ բարձրացաւ ներկաներուն ջերմ ծափերուն տակ:
Հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող կոմիտէի համանախագահ եւ ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Մուրատ Փափազեանի նախաբանէն ետք, ան խօսք առնելով վերստին հաստատեց իր թեկնածուական վճռակամութիւնը` անպայման պատժողական օրէնք մը քուէարկել տալով Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակը ամրագրելու. «ինչ ալ ըլլան դուրսէն եկած ճնշումները», պնդեց ան:
Յիշեցուց նաեւ, որ Թուրքիա չի կրնար ապրիլ, «տան մէջ դիակ մը ունեցողի հոգեբանութեամբ», եւ որ պէտք է օր մը դէմ յանդիման գայ իր պատմութեան հետ:
Ֆրանսուա Հոլլանտ խօսեցաւ իբրեւ թեկնածու, առանց մոռնալու իր մրցակիցը` նախագահ Սարքոզին: Յիշեց իր առաջարկը, որուն նման էր գործող նախագահինը: Եզրակացնելով ըսաւ. «Ինչ ալ ըլլայ Ֆրանսայի ժողովուրդին որոշումը, նոյն եզրայանգումը պիտի ունենայ ձեր պայքարը»:
Նախագահ Սարքոզին ալ բուռն ծափահարութիւններու տակ բեմ բարձրացաւ Ազգային պահակազօրքի հսկողութեան ներքեւ: Այս անգամ Ալեքսի Կէօվճեանն էր` Հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող կոմիտէի ընդհանուր նախագահ, որ ներածական խօսքը արտասանեց: Նախագահ Սարքոզի շեշտեց, թէ այսօր ներկայ է ոգեկոչման արարողութեան` իբրեւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ եւ ոչ թէ իբրեւ թեկնածու: Ան յիշեց Հայաստան կատարած իր այցելութիւնը եւ այն ցնցիչ տպաւորութիւնները, զորս ստացած էր այնտեղ Ծիծեռնակաբերդի յուշարձանը եւ Ցեղասպանութեան թանգարանը այցելելով: Ան եզրակացուց, որ ընտրուելու պարագային, յունիս ամսուն արդէն նպատակ ունի նոր օրէնքի բանաձեւ մը ներկայացնելու խորհրդարանին: Նշեց նաեւ, որ կը յարգէ Սահմանադրական խորհուրդի որոշումը, բայց չի հրաժարիր իր համոզումներէն:


