Քալիֆորնիոյ Նահանգապետը 24 Ապրիլը Յիշատակի Օր Հռչակած Է
Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Ճերի Պրաուն Հայոց ցեղասպանութեան կապակցութեամբ հրապարակած յայտարարութեամբ 24 ապրիլը յիշատակի օր հռչակած է:
Պրաուն նաեւ գրած է, որ 1915-էն մինչեւ 1923 1.5 միլիոն հայեր աքսորուած, սովի եւ բռնութեան զոհ դարձած են: Ան նշած է, որ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ իրականացուած Հայոց ցեղասպանութիւնը կը նկատուի 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը:
«Այսօր մենք յարգանքի տուրք կու տանք ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին եւ վերապրողներուն կը հաւաստիացնենք ապագային նման վայրագութիւնները կանխարգիլելու մեր պատրաստակամութեան մասին», ըսուած է հռչակագիրին մէջ:
CATEGORIES Հայկական

