«Չեմփիընզ Լիկ». Պայէրն Միւնիխ – Չելսի Աւարտական` Շաբաթ, 19 Մայիսին

Պայէրն Միւնիխի յաղթական մարզիկները

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին կիսաւարտական հանգրուանի դարձի մրցումներէն ետք յստակացան անունները, որոնք շաբաթ, 19 մայիսին, Միւնիխի «Ալիանց Արենա» դաշտին վրայ պիտի մրցին իրարու դէմ` Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 21:45-ին: Այդ երկու խումբերը հանդիսացան Պայէրն Միւնիխ եւ Չելսի:

Ռէալ Մատրիտ, որ կը փորձէր, 10-րդ անգամ ըլլալով բարձրացնել այս մրցաշարքին տիտղոսը, փենալթիներուն 3-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց գերմանացիներէն:

Պայէրնի բերդապահ Մանուէլ Նէօյըր, յաջողեցաւ զսպել Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի եւ Քաքայի փենալթիները, մինչ Ռէալի բերդապահ Իքեր Քասիաս` Թոնի Քրուսի եւ Ֆիլիփ Լահմի փենալթիները: Մինչ Սերճիօ Ռամոս Նէօյըրի բերդէն դուրս հարուածեց գնդակը, անդին Պասթիան Շվայնսթայկըր նշանակեց իր կազմին` Պայէրնի յաղթանակի կոլը:

Ինչ կը վերաբերի Պարսելոնա – Չելսի մրցումին, անիկա թէեւ աւարտեցաւ 2-2 հաւասարութեամբ, սակայն նկատի ունենալով, որ Չելսի երթին իր դաշտին վրայ 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր, ապահովեց աւարտականի իր տոմսը: Նշենք, որ 49-րդ վայրկեանին Պարսելոնայի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի իր կազմին շնորուած փենալթին չկրցաւ կոլի վերածել:

 

Share this Article
CATEGORIES