Ճատրակ. Արոնեան – Քրամնիք` 2-2
Ցիւրիխի մէջ Լեւոն Արոնեանի եւ Վլատիմիր Քրամնիքի միջեւ տեղի ունեցող ճատրակի միջազգային մրցաշարքը այժմ կ՛ընթանայ 2-2 արդիւնքով: Երէկ հանգիստի օր էր: Այսօր եւ վաղը տեղի կ՛ունենան 5-րդ եւ 6-րդ հանգրուանի վերջին ճակատումները:
3-րդ հանգրուանին, Քրամնիք թէեւ յաղթեց Արոնեանի, սակայն նկատի ունենալով, որ 4-րդ հանգրուանի մրցումը աւարտեցաւ հաւասարութեամբ (25-րդ շարժումին), այժմ արդիւնքը 2-2 հաւասար է:
Նկատի ունենալով, որ 4-րդ հանգրուանի այս մրցումը շուտ աւարտեցաւ, երկու վարպետները հանդիսատեսներուն համար արագ ճատրակի մրցում մը կատարեցին: Թէեւ անիկա աւարտեցաւ հայրենի վարպետին յաղթանակով, սակայն ատիկա ոեւէ մէկուն կէտ չտուաւ:
CATEGORIES Մարզական

