Մովսիսեան Եւ Փիցելլի Հրաւիրուեցան Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքական

Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, նախապատրաստուելու համար 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցումներուն, 25 մայիսէն 6 յունիս ուսումնամարզական հաւաք պիտի կատարէ: Այդ ժամանակամիջոցին հայրենի կազմը պիտի կատարէ բարեկամական երկու մրցում` յաջորդաբար Աւստրալիոյ (31 մայիս) եւ Ղազախստանի (5 յունիս) դէմ:

Այդ հաւաքին մասնակցելու համար հաւաքական հրաւիրուեցան յառաջապահներ Եուրա Մովսիսեան եւ Մարքոս Փիցելլի, որոնք յաջորդաբար մաս կը կազմեն Քրասնոտարի եւ Քուպանի:

Նշենք, որ Հայաստանի կազմը այդ ուսումնամարզական հաւաքին ընթացքին պիտի հաստատուի Քուֆշթայն քաղաքին մէջ (Աւստրիա):

 

 

Share this Article
CATEGORIES