ՊԸՐՐԻԻ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԱԾ ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ ՕՐՈՒԱՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐԸ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆ

Պըրրի եւ երեսփոխաններ` վերանորոգուած խորհրդարանին մէջ

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ուղղուեցաւ խորհրդարան, ուր վերանորոգման աշխատանքները արդէն իսկ աւարտած էին:

Խորհրդարանին մէջ Նեպիհ Պըրրի կայացուց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումը, որուն ընթացքին ընդգծեց, թէ որոշ լաւատեսութիւն մը կը տիրէ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արգելակող խոչընդոտներուն լուծում գտնելու իմաստով:

Ան շեշտեց, որ կառավարութիւնը անպայման պիտի կազմուի, «սակայն տակաւին կան որոշ հարցեր, որոնք կը կարօտին խորհրդակցութեան` լուծել կարենալու համար բանավէճերը», ըսաւ ան:

Պըրրի նկատել տուաւ, որ կառավարութեան կազմութեան առումով պատահածը խոցելի է: Ան նշեց, որ կը ցուցաբերուի այնպիսի վարուելակերպ մը, որուն ծիրին մէջ կան տարբեր ճակատներ, որոնցմէ են Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը, չափաւորականները, Ազգային պայքարի ճակատ պլոքը, սակայն իրականութիւնը այն է, որ  Ազատագրում եւ բարեկարգում պլոքը Մարտ 8-ի ուժերէն չի նկատուիր, որովհետեւ այդ ուժերը այլեւս գոյութիւն չունին, այլ` կայ ազգային ճակատ մը, որուն մէջ կը գտնուին երեսփոխանական պլոքներ, երեսփոխաններ եւ այլ անձնաւորութիւններ, որոնք բոլորը կը հաւատան Լիբանանի միասնականութեան, Լիբանանի արաբականութեան, Լիբանանի ազատագրման եւ Լիբանանի բարգաւաճման:

Ակնարկելով Ապիճանի մէջ տիրող կացութեան եւ Փղոսկրեայ Ափունքի լիբանանեան գաղութին թղթածրարին` Պըրրի յայտնեց, որ այդ հարցին նկատմամբ ցուցաբերուած է բարձր մակարդակի քաղաքականութիւն եւ անոր իբրեւ փաստ, ցարդ ոչ մէկ մարդկային վնաս արձանագրուած է Ապիճանի լիբանանեան գաղութին մօտ:

Նշենք, որ երեսփոխանական հանդիպումին ծիրին մէջ Պըրրի ընդունեց նաեւ երեսփոխան Պահիա Հարիրին:

 

Share this Article
CATEGORIES