ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՈՒԻԼԻԸՄԶԸ
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ Վերտանի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Մայքըլ Ուիլիըմզը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ուիլիըմզ մտահոգութիւն յայտնեց Պեքաայի մէջ 7 էսթոնիացի զբօսաշրջիկներուն առեւանգումին համար` ողջունելով հանդերձ ապահովութեան ուժերուն ի գործ դրած ջանքերը` անոնց փնտռտուքին ծիրին մէջ:
Ուիլիըմզ կոչ ուղղեց զբօսաշրջիկները անմիջապէս ազատ արձակելու, որովհետեւ զանոնք պատանդ պահելը ոչինչի կը ծառայէ:
Ուիլիըմզ յայտնեց նաեւ, որ Միքաթիին հետ խօսած է Նիւ Եորքի մէջ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին վերաբերեալ իր ներկայացուցած տեղեկագիրին եւ կատարած խորհրդակցութիւններուն մասին:
«Վարչապետը տեղեակ պահեցի այն մասին, թէ ՄԱԿ եւ անոր ընդհանուր քարտուղարը` Պան Քի Մուն, մօտէն կը հետեւին արաբական աշխարհի իրադարձութիւններուն` մաղթելով, որ արաբ ժողովուրդին ղեկավարները անսան իրենց ժողովուրդներուն պահանջներուն», ըսաւ Ուիլիըմզ` բարձր գնահատելով Լիբանանի կառավարութիւնը կազմելու առումով վարչապետին ի գործ դրած ջանքերը:
Միւս կողմէ, կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին եւ ջանքերուն մասին լիբանանեան մամուլը ներկայացուցած է շարք մը մեկնաբանական տեսակէտներ, որոնցմէ հիմնականը այն է, որ խորհրդարանական մեծամասնութիւնը սկսած է իր իսկ նշանակած վարչապետին նկատմամբ վստահութիւնը կորսնցնել` անոր ցուցաբերած վարուելակերպին համար:
«Հայաթ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Միքաթի լուսարձակներէ հեռու նախանցեալ առաւօտեան հանդիպում մը ունեցած է հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ եւ քննարկած կառավարութեան կազմութեան վերջին զարգացումները:
Միւս կողմէ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի «Նահար» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին եւ պատասխանելով վարչապետ Միքաթիի հրաժարականին հաւանականութեան մասին հարցումի մը, շեշտեց, թէ այդ առումով անհրաժեշտ է բոլոր մտահոգութիւնները փարատել, որովհետեւ վարչապետ Միքաթի ծով համբերութիւն է:
Նշենք, որ ըստ «Լիուա» օրաթերթին, Պըրրիի խորհրդական երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլ եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական հարցերու օգնական Հաժ Հիւսէյն Խալիլ նախանցեալ երեկոյեան այցելած են Ռապիէ, ուր անոնք հանդիպում մը ունեցած են զօր. Միշել Աունի հետ` նկատի ունենալով, որ Միքաթիի եւ Աունի միջեւ հաղորդակցութիւնները վերջ գտած են: