50 Տարի Առաջ ( 28 ապրիլ 1962 )

Ս. Զատիկի Տօնը
Լիբանանի Մէջ

Լիբանանի քրիստոնեայ բոլոր համայնքները կիրակի, ապրիլի 22-ին, ջերմեռանդ խանդավառութեամբ տօնեցին Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան տօնը:

Հանրապետութեան նախագահը զօրավար Ֆուատ Շեհապ կիրակի օր Պէյրութի մարոնիներու Ս. Գէորգ մայր տաճարին մէջ ներկայ գտնուեցաւ հանդիսաւոր պատարագի` իր կողքին ունենալով վարչապետը, նախարարներ, երեսփոխաններ եւ պետական բարձրաստիճան պաշտօնատարներ:

Հայ համայնքը եւս անմասն չմնաց այս ընդհանուր խանդավառութենէն: Լիբանանի թեմի Հայաստանեայց եկեղեցիները լեցուած էին հաւատացեալներու խուռներամ բազմութեամբ մը, առաւելաբար բաղկացած` երիտասարդներէ, ինչ որ խրախուսիչ երեւոյթ է եւ անգամ մը եւս ցոյց կու տայ եկեղեցիի դերին հանդէպ երիտասարդութեան մօտ արմատացած խոր գիտակցութիւնը:

Անթիլիասի մայր տաճարին մէջ պատարագեց եւ քարոզեց վեհափառ  կաթողիկոսը` Զարեհ Ա., սքանչելիօրէն տալով յարութեան խորհուրդը:

Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց եւ քարոզեց Կիրակնօրեայ վարժարաններու տեսուչ Վարդան վրդ. Տեմիրճեան:

Թեմիս միւս եկեղեցիներուն մէջ եւս տեղի ունեցան հոգեպարար արարողութիւններ, որոնց հետեւեցան հաւատացեալներու խանդավառ բազմութիւններ:

Լիբանանի թեմի առաջնորդ սրբազանը` Խորէն արք. Բարոյեան, Ս. Զատիկին օրը Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ ընդունեց շնորհաւորական այցելութիւնները ազգային մարմիններու եւ խորհուրդներու անդամներուն, ինչպէս նաեւ` ազգայիններու:

Զատկուան երկրորդ օրը` երկուշաբթի, Ֆըրն Շըպպեքի ազգային գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան Ս. պատարագ` նախագահութեամբ Խորէն արք. Բարոյեանի: Պատարագէն ետք Նահատակաց յուշարձանին առջեւ տեղի ունեցաւ հոգեհանգիստ, ապա կատարուեցաւ գերեզմանօրհնէք, անդաստանի նման, բոլոր քահանայ հայրերու մասնակցութեամբ:

Յարութեան տօնը նոյն ջերմեռանդութեամբ տօնուեցաւ նաեւ քոյր համայնքներու կողմէ. հայ կաթողիկէ Ս. Գրիգոր եւ Ս. Եղիա եկեղեցիին մէջ պատարագեց կարտինալ Աղաճանեան, որ պատարագէն ետք եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ ընդունեց զատկական բարեմաղթութիւնները:

Ս. Զատկի Հանդիպում Եւ
Լուսանկարներու
Ցուցահանդէս

Ըստ աւանդական սովորութեան, Համազգայինի Պէյրութի մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ Ս. Զատկի հանդիպումը, Նշան Փալանճեան ճեմարանի «Վասպուրական» սրահին մէջ, որ այս առթիւ զարդարուած էր Համազգայինի կողմէ կազմակերպուած լուսանկարներու ցուցահանդէսին մասնակցող արուեստագէտներու գործերով:

Բացումը կատարեց Ճեմարանի տնօրէններէն բանաստեղծ Մ. Իշխան, որ խօսեցաւ իր ամէնէն գեղեցիկ ճառերէն մէկը` միաժամանակ փառքը հիւսելով մեր մշակոյթին եւ հայ ստեղծագործ հանճարին:

Համազգայինի անդամներու եւ համակիրներու բազմութիւն մը հետաքրքրութեամբ դիտեց ճաշակով ցուցադրուած մօտ հարիւր լուսանկարներ, գործ` արհեստավարժ կամ սիրող նկարիչներու:

Կ՛արժէ առանձինն անդրադառնալ այս ցուցահանդէսին, որ արուեստի առանձինն ճիւղի մը յայտնաբերման կը ծառայէ:

Ապրիլեան Մեծ Եղեռնի
47-րդ Տարեդարձը

Ինչպէս գրած էինք, խորհրդանշական զուգադիպութեամբ մը, Ս. Զատկուան տօներուն անմիջապէս յաջորդեց Մեծ եղեռնի տարեդարձը, երեքշաբթի, ապրիլի 24-ին:

Ի յարգանս մէկ միլիոն նահատակներուն, հայկական բոլոր հաստատութիւններն ու խանութները փակ մնացին: Վարժարանները արդէն փակ էին զատկուան արձակուրդին առթիւ:

Այս առթիւ, թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցան  կրօնական մեծախորհուրդ արարողութիւններ: Ամէնէն տպաւորիչը, անկասկած, Անթիլիասի մայր տաճարին մէջ կատարուած արարողութիւններն էին` հանդիսադրութեամբ Զարեհ Ա. կաթողիկոսի: Պատարագեց եւ հոգեշունչ քարոզ մը խօսեցաւ Կիրակնօրեայ վարժարաններու վարիչ-տնօրէն Վարդան վրդ. Տեմիրճեան:

Պատարագէն ետք կազմուեցաւ հանդիսաւոր թափօր եւ եկեղեցական դասը տաճարէն դուրս գալով` բոլորուեցաւ Նահատակաց յուշարձանին առջեւ: Վեհափառ կաթողիկոսը խօսեցաւ խորիմաստ սքանչելի քարոզ մը` բնաբան ունենալով միութիւնը, եկեղեցին եւ հայ մշակոյթը: Այնուհետեւ, յուշարձանէն ներս, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, շատ տպաւորիչ մթնոլորտի մը մէջ:

Հաւատացեալներու խուռն բազմութիւն մը, գլխաւորաբար` երիտասարդներ, փութացած էր Անթիլիաս` աղօթելու մեր բիւրաւոր նահատակներուն համար:

Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին
Ձեռնարկը

Երեքշաբթի, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Էշրեֆիէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի բակին մէջ տեղի ունեցաւ ապրիլեան Եղեռնին նուիրուած փառաշուք սգահանդէս մը` կազմակերպուած հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին կողմէ: Կը նախագահէր կարտինալ Աղաճանեան` իր շուրջը ունենալով բազմաթիւ բարձրաստիճան կղերականներ:

Պատարագեց եւ բարձրաշունչ քարոզ մը խօսեցաւ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Սահակ եպս. Կոգեան: Քառաձայն սրբազան երգեցողութիւնը կատարեց «Կիլիկիա» երգչախումբը, շատ տպաւորիչ կերպով:

Յետ պատարագի, տեղի ունեցաւ մեծահանդէս թափօր` առաջնորդութեամբ հայ կաթողիկէ նուագախումբին, որ մահերգներ նուագեց: Այնուհետեւ կաթողիկէ բոլոր միութիւններուն կողմէ ծաղկեպսակներ դրուեցան Նահատակներու յուշարձանին վրայ:

Share this Article
CATEGORIES