Ժամանակն Է Քնանալու…

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

75 տարեկանին մենք 25 տարին անցուցած պիտի ըլլանք քնանալով: Սակայն այս ժամանակը պարապի չ՛երթար. անիկա անհրաժեշտ է մեր կեանքին:

Մենք մեր կեանքին մէկ երրորդը քնանալով կ՛անցընենք: Սակայն մի՛ կարծէք, թէ այս ձեւով մենք ժամանակ կորսնցուցած կ՛ըլլանք: Երբ մենք կը քնանանք, մեր մարմինը կը հանգչի, կը նորոգուի եւ կը մեծնայ: Օրուան ընթացքին մեր սորված գիտելիքները կ՛ամրապնդուին մեր մտքին մէջ, եւ մեր զգացումներուն աշխարհը կարգի կը դրուի:

Սակայն, դժբախտաբար, ամէն մարդ նոյն ձեւով եւ դիւրութեամբ չի քնանար: Բազմաթիւ անձեր քունի խանգարումէ կը տառապին: Այս խանգարումներէն յառաջացած յոգնութիւնը բազմաթիւ հետեւանքներ կ՛ունենայ. մարդիկ չեն կրնար կեդրոնանալ, անտրամադիր կ՛ըլլան, աշխուժութեան պակաս կ՛ունենան…

Ճի՞շդ, թէ՞ սխալ

– Քնանալը կը գիրցնէ:

Սխալ: Երբ մենք յոգնած կ՛ըլլանք, մեր մարմինը դիւրութեամբ չ՛իւրացներ էնսիւլինը, որ արեան մէջ շաքարի չափը իջեցնող մասնիկն է: Հետեւաբար ան լաւ չ՛աշխատիր. իբրեւ հետեւանք` մենք աւելի կ՛ուտենք եւ կը գիրնանք:

– Քնանալը մեզ դասարանին մէջ աւելի արդիւնաբեր կը դարձնէ:

Ճիշդ: Քունը անհրաժեշտ է մեր դասերը սորվելու եւ միտքերնիս պահելու համար: Մեր ուղեղի բջիջները աւելի լաւ կ՛աճին: Եւ ասիկա շատ մեծ դեր կը խաղայ դպրոցին մէջ յաջողելու համար:

– Քնանալը մեզ կ՛աճեցնէ:

Ճիշդ եւ սխալ: Աճման հորմոնը գիշերուան ընթացքին կը շինուի մեր մարմնին կողմէ: Այս քիմիական նիւթը մեր մարմնին կ՛օգնէ աճելու: Սակայն աւելի քնանալը մեզ աւելի չ՛աճեցներ…

– Մանուկները աւելի լաւ կը քնանան:

Սխալ: Ուսումնասիրութիւն մը փաստած է, թէ 60 տարեկանէն ետք է, որ մարդիկ ամէնէն լաւը կը քնանան: Մենք որքան ծերանանք, այնքան աւելի լաւ կը քնանանք:

– Պէտք է ամէն գիշեր 8 ժամ քնանալ:

Սխալ: Ասիկա կախեալ է իւրաքանչիւրին մարմնին պահանջներէն: Կարգ մը անձեր պէտք է անընդհատ 10 ժամ քնանան, ուրիշներ 5 ժամով կը բաւարարուին… Սկզբունքով պատանի մը 24 ժամուան մէջ 9-10 ժամ քունի պէտք ունի:

Գիտէի՞ր, թէ Չինաստանի մէջ գործի կէսօրուան դադարի ընթացքին քունի ժամանակը սահմանադրութեամբ արտօնուած է:

 

Ինչպէ՞ս Լաւ Քնանանք

– Լաւ քնանալը պատրաստութեան կը կարօտի: Ակռաները խոզանակել, գիշերազգեստը հագնիլ… Այս բոլոր սովորական շարժումները կարեւոր են:

– Նոյն ժամուն պառկեցէք քնանալու. ասիկա ձեր մարմնին կարողութիւնը կու տայ մտնելու կշռոյթի մը մէջ, որ կը դիւրացնէ քնանալը:

– Փորձեցէք ձեր դասերը ընթրիքէն առաջ աւարտել:

– Քնանալէ առաջ ո՛չ պատկերասփիւռ դիտել, ո՛չ ալ համացանցի վրայ կամ վիտէօ կէյմ խաղալ: Անոնք ձեր ջիղերը կը գրգռեն:

– Կարդալը կրնայ քուն յառաջացնել:

– Մենք աւելի լաւ կը քնանանք ոչ շատ տաքցուած եւ օդասուն սենեակի մը մէջ:

– Իրիկուան ո՛չ շատ, ո՛չ ալ շատ քիչ կերէք:

– Շաբաթավերջերուն խուսափեցէք առտուն երկար քնանալէ, կշռոյթնիդ շատ չփոխելու համար: Այլապէս, կիրակի գիշեր աւելի ուշ պիտի քնանաք, եւ երկուշաբթի յոգնած դպրոց պիտի երթաք:

– Երբ անկողինին մէջ կը պառկիք, փորձեցէք մտածել հաճելի բաներու մասին. անոնք ձեզ կը հանդարտեցնեն…

– Վերջապէս, օրուան ընթացքին մարզանք ընելը քնանալու կ՛օգնէ, որովհետեւ մարզանքը մեր ջղային դրութիւնը կը հանդարտեցնէ:

 

Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ

  • Մեր թարթիչները ունին 6 շաբթուան կեանք. ապա նոր թարթիչներ կը բուսնին:
  • Մեր մարմինը ունի մօտաւորապէս 97 հազար քմ արեան երակներ:
  • Մարդկային աչքը տարեկան մօտաւորապէս 4.200.000 անգամ կը թարթէ:
  • Ամէնէն փոքր տարիքով պապը 11 տարեկան էր:
  • Միջին դարերուն մարդիկ բնաւ չէին լոգնար:
  • Ձիւնը եւ սառոյցը մնայուն կերպով կը ծածկեն երկրագունդին մակերեսին մէկ ութերորդը:
  • Ամէնէն ցուրտ ջերմաստիճանը արձանագրուած է Անթարքթիքայի Վոսթոք կայանին մէջ, 1983-ի յուլիսին, -89,6 աստիճան:
  • Երկրագունդին վրայ մենք միշտ լուսինին նոյն կողմը կը տեսնենք:
  • Եթէ դուն այսօր ճամբայ ելլես, քալելով մօտաւորապէս 2000 տարիէն կրնաս արեւուն հասնիլ:
  • Ոլոռնը աշխարհի ամէնէն հին բանջարեղէնն է:
  • 18-րդ դարուն ստեպղինները մանիշակագոյն կամ ճերմակ էին:
  • Փիղին ձագը օրական 11 լիթր կաթ կը խմէ:
  • Ամէնէն պզտիկ ձին ֆալապելլան է. ան 64 սմ է:
  • Ընձուղտը ամէնէն երկար ստնաւոր անասունն է. անոր հասակը կը հասնի 6.1 մեթրի:
  • Գետաձին կրնայ ջուրին մէջ սուզուած մնալ 30 վայրկեան:
  • Մուկին պոչը անոր մարմնին չափ երկար է:
  • Կոկորդիլոսը չի կրնար լեզուն դուրս հանել:
  • Իշուն աչքերը յատուկ ձեւով զետեղուած են. անասունը կրնայ իր չորս ոտքերը նոյն ժամանակ տեսնել:
  • Ջայլամին աչքը անոր ուղեղէն աւելի մեծ է:
  • Շուները աւելի քան 15 մկան ունին իրենց ականջներուն մէջ. այս ձեւով անոնք կրնան իրենց ականջները շարժել բազմաթիւ ուղղութիւններով:
  • Փիղին ուղեղը կը կշռէ 5 հազար կրամ:
  • Բեւեռային արջը աշխարհի ամէնէն մեծ մսակեր անասունն է:
  • Փիղերը չեն կրնար ցատկել:
  • Աշխարհի վրայ աւելի հաւ կայ, քան մարդ:
  • Հսկայ կրիան կրնայ մինչեւ 200 տարի ապրիլ:

 

Լուրեր Աշխարհէն

– Սենեակը շտկելը միշտ մեծ առաւելութիւններ ունի: Այս ձեւով, 19 տարեկան սլովենացի տղու մը մայրը անդադար անկէ կը խնդրէր, որ տղան իր սենեակը շտկէ: Երբ շաբաթներ ետք, վերջապէս այս վերջինը կ՛որոշէ սենեակը կարգի դնել, ան լոթոյի հին տոմսակներ կը գտնէ:

– Ան նախ կ՛ուզէ այդ տոմսակները թափել, ապա կ՛որոշէ վիճակաձգութեան գրասենեակ երթալ եւ թիւերը ստուգել… Անոնցմէ մէկը 63 հազար եւրօ շահած էր:

– Ամէն տարի «Եւրոտեսիլ»-ի երգի մրցումին կը ներկայանան իւրայատուկ թեկնածուներ: Այս տարի Ռուսիան պիտի ներկայացնէ ռուսական պզտիկ գիւղէ մը եկած, աւանդական հագուստ հագած եւ լաչակ մը դրած… վեց մեծ մայրիկներէ կազմուած խումբ մը: Անոնք պիտի երգեն աւանդական երգ մը` «Փարթի ֆոր էվրիպատի»:

– Չորս տարեկան անգլիացի Ուիլիըմ Պրուիս «բաւական փայլուն աշակերտ մըն է, եւ ան կը սիրէ այն դպրոցը, որ կը յաճախէ… Յատկապէս հիմա, որ ան դպրոցին միակ աշակերտն է», կ՛ըսէ անոր մայրը:

– Ահա վեց ամիս է, որ Ուիլիըմ միակ աշակերտն է իր դպրոցին մէջ, որ յառաջիկայ տարի իր դռները պիտի փակէ: Անոր միւս վեց ընկերները չեն սպասած վերջնական փակումին եւ արդէն սկսած են յաճախել 10 քմ հեռու գտնուող ուրիշ դպրոց մը:

– Երկու ուսուցիչներ կը դասաւանդեն Ուիլիըմի, որ բակին մէջ մինակը կը խաղայ զբօսանքին. ան նոյնիսկ մինակը կ՛երեւի իր դասարանի նկարին մէջ:

– «Նեսլէ» ընկերութիւնը Անգլիոյ մէջ իր ծախած բոլոր պոնպոններու մէջի արուեստական բոլոր համերը ջնջած է` յաճախորդներուն պահանջներուն ընդառաջելով: Այս արուեստական համերը փոխարինուած են ստեպղինով, հիպիսքիւսի բոյսով եւ կիտրոնով պատրաստուած նիւթերով:

– Պեխի ամերիկեան հիմնարկը նոր «օրէնքի առաջարկ» մը ներկայացուցած է: Պեխաւոր անձերը կը պահանջեն իրենց տուրքերէն 250 տոլարի նուազում մը, իբրեւ «պեխերուն հոգ տանելու ծախսեր» (յատուկ խոզանակ, ներկ…): Անոնք մտադրած են ցոյց մը ընել:

– Հիրոշի Հոքեթցու իր 71-րդ տարեդարձը տօնեց 28 մարտին: Ան շատ առողջ ճափոնցի ձիավարող մըն է: Այդ տիտղոսով ան պիտի մասնակցի այս ամառ Լոնտոնի մէջ տեղի ունենալիք Ողիմպիական խաղերուն:

Չորս տարի առաջ Չինաստանի մէջ տեղի ունեցած Ողիմպիական խաղերուն ամէնէն տարիքոտ մարզիկն էր: Սակայն Ողիմպիական խաղերուն մասնակցող ամէնէն տարիքոտ մարզիկին մրցանիշը կը պատկանի շուէտացիի մը. ան Պելճիքայի Անվերս քաղաքին մէջ 1970-ին տեղի ունեցած խաղերուն 72 տարեկան եւ 10 ամսու էր:

 

ԺԱՄԱՆՑ

Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող տասը տարբերութիւնները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու կերպարները:

Կրնա՞ս ամբողջացնել պատկերը` վերի նկարին հետեւելով:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES