Արդի Թուրքիոյ Հին Հիւանդութեան Նոր Դեղագիրը

ԱՌԻՒԾ ԱՍԼԱՆԵԱՆ

Ա.- Հիւանդին ենթահողը եւ նախահիւանդական շրջանը

Դարերու ընթացքին «հիւանդ մարդ»-ը փորձած է սպաննել, աւերել, քանդել, ամէն տարբերութիւն միացնել, սեփականացնել կամ ջնջել: Զայրոյթով ու վիշտով լեցուած` կը նայիմ «հիւանդ մարդ»-ուն արիւնագիր պատմութեան:

Արդեօք այս «հիւանդութիւն»-ը այսօր եւս կրնա՞յ «հիւանդ մարդ»-ուն  մօտ կայսերապաշտական ախորժակներ սրել: Առանց վարանելու` կրնանք ըսել, թէ այս «հիւանդ»-ը նման ախորժակներ չունի, ոչ ալ կ՛ունենայ, որովհետեւ նման ախորժակի տէրերը պէտք է կայսերական ենթահող եւ կայսերազարմ արիւն ունենան: Այս «հիւանդ մարդ»-ը ցեղային, մոնկոլա-գազանային ախորժակներով, համահարթեցումի ու համաձեւութեան գաղափարներով եւ համայնաջինջ իր լայն փորձառութիւններով կրնայ մի միայն քաոսապաշտութեան ձգտիլ:

Քաոսապաշտութիւնը անոր էութեան կարմիր ու ճերմակ գնդիկները սեւի վերածած է եւ յառաջ բերած` զանազան ախտեր.

1. Այլամերժութիւն եւ գազանացում
2. Մտային անհաւասարակշռութիւն
3. Ինքնարդարացման գերձգտումներ
4. Ուրացում եւ ժխտում
5. Անտարբերութիւն
6. Կեղծաւորութիւն
7. Փառասիրութիւն եւ ինքնագովութիւն

Բ.- «Հիւանդութեան» ծնունդը

Այս «հիւանդութեան» սկզբնաւորութիւնը կարելի է տանիլ մինչեւ 11-րդ դար: Ան յառաջ եկած է Կեդրոնական Ասիայէն ու մեծապէս զօրացած եւ իր աւերները գործած` 15-րդ դարուն, Փոքր Ասիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի` ի մասնաւորի Մարմարայի կողմերը: Իսկ երկար անկումէ ետք, իր վերելքը ապրած է 20-րդ դարուն սկիզբը, կեդրոնական, արեւմտեան եւ հարաւային Փոքր Ասիոյ մէջ: 20-րդ դարուն վերջերը յուսալից շրջաններ էին այս «հիւանդութեան» ճիշդ ախտաճանաչումը կատարելու եւ լուծում գտնելու տեսակէտէն: Թէեւ լուծումի չյանգեցան այդ փորձերը, սակայն, շնորհիւ Փոքր Ասիոյ հայ, մակեդոնացի եւ յոյն բժիշկներուն, որոնք դարեր շարունակ փորձարկումի ենթարկած եւ պայքարած են այս «հիւանդութեան» դէմ, եւ` ֆրանսական ու անգլիական բժշկութեան աջակցութեամբ, սահմանափակուեցան անոր տարածումը եւ ազդեցութեան դաշտը, զայն վերջնականապէս բանտելու համար Արաքս գետէն Կոստանդնուպոլիս, եւ ապա` մինչեւ յունական ու պուլկարական սահմանները, հիւսիսէն` Սեւ ծովուն ափերը, իսկ հարաւէն` Կիպրոսի թերակղզիին արեւելեան մասը: Այս «հիւանդութիւնը» փոխանցիկ չէ, այլ` բնածին:

Որեւէ յառաջդիմութիւն չնկատելով եւ տեսնելով անոր վատթարացումը` «բժշկական համաժողովներ» ահազանգ հնչեցուցած են: «Բժշկական» աղբիւրներու համաձայն, վատը գնաց` վատթարը եկաւ: «Հիւանդ մարդ»-ուն դարաւոր «հիւանդութեան» կողքին նաեւ կամաց-կամաց այլ ախտեր ալ սկսան երեւան գալ, ինչպէս, օրինակ, առաջին` ալզհայմըր եւ տգիտութիւն: Մոռացութեամբ շրջապատուած, պղտորութեան վիհին մէջ ինկած, իր անցեալն ու ներկան մոռցած եւ տգիտութեան փշաթելերով ցանկապատուած այս «մարդ»-ը ասդին-անդին անհիմն փաստարկումներով եւ սխալ հիմնաւորումներով ամբարտաւան կերպով բեմ կը բարձրանայ եւ հանրութեան հետ կը խօսի: Օրինակ, Ֆրանսայի նախագահ Սարքոզիին հայրը, Մարսէյի մէջ նստած, Ալճերիոյ մէջ մարդասպան զինուոր կրնայ նկատուիլ:

Երկրորդ` ուրացում: Այս «հիւանդ»-ին մօտ ուրացումի երկար ընթացք եւ անցեալ կայ: «Բժշկական» ու «հոգեբուժական» դատարաններ կը դատապարտեն անոր կատարած չարագործութիւնները, սակայն ան միանգամընդմիշտ կ՛ուրանայ զանոնք, եւ ինքզինք կը փորձէ ամենեւին արդարացնել ուրիշ «անձ»-ի կատարած չարագործութիւններով: Այս «հիւանդ»-ը  հանրութեան աչքին ինքզինք արդարացնելու կամ իր գործած ոճիրներուն ահաւորութիւնը մեղմացնելու համար իր գործածը կը բաղդատէ ուրիշներուն կատարածին հետ:

Երրորդ` գիտակցութեան պակաս: Իր կատարած շարժումներն ու արարքները յաճախ անգիտակցութեան կը վերագրէ` զանոնք պարզապէս անգիտակցաբար կատարուած «դժբախտ դէպք» նկատելով: Այս «ախտակրութիւն»-ը շատ վտանգաւոր է, որովհետեւ «ախտակիր»-ը անտարբեր կերպով կրնայ նոյնիսկ երեսունհինգ քիւրտ կամ միլիոնաւոր անմեղներ սպաննել եւ այդ իրողութիւնը անգիտակցութեան վերագրել: Այս «ախտակիր»-ին մօտ արիւնահոսութիւնը առողջութիւն է, մարդասպանութիւնը` հոգեւոր սնունդ ու բաւարարութիւն, իսկ ստախօսութիւնը` պատիւ: Հետեւաբար անոնց «խմոր»-էն պէտք է զգուշանալ:

Չորրորդ` փառասիրութիւն: Փառասիրութեան տիղմին մէջ խեղդուած` իր գագաթնակէտին հասած ամբարտաւանութիւնը զինք անխիղճ կերպով կը մղէ, որ իր պատճառած աւերներն ու սպանութիւնները առանց հատուցումի մնան, իսկ լաւագոյն պարագային` ան կը փորձէ մարդկութեան խիղճը չնչին գումարով գնել: Այս «հիւանդութեան» մեծագոյն թշնամին «ներողութիւն»-ն է:

Հինգերորդ` կեղծաւորութիւն: Կեղծաւորութիւնը անոր կեանքին ու պատմութեան վարքագիծն է: Ուրիշներու հանդէպ անոր ցուցաբերած «բարեփոխումներ»-ը, «ազնուութիւն»-ն ու «բարութիւն»-ը ո՛չ թէ անոր առողջութեան նշաններն են, այլ` անոր առերես եւ առժամեայ տեւողութիւն ունեցող կեղծիքն ու չարաշահումը: Քրիստոսի հետ կ՛ըսենք անոր. «Իժերո՛ւ ծնունդներ, ինչպէ՞ս կրնաք լաւ բաներ խօսիլ, երբ դուք չար էք, քանի բերանը սիրտին մէջ եղածն է, որ կը խօսի» (Մտ. 12.34), «Կո՛յր առաջնորդներ, մէկ կողմէ մժղուկը կը քամէք, միւս կողմէ, սակայն, ուղտը կը կլլէք» (Մտ. 23.24) եւ «Կը նմանիք կիրով ճերմակցուած գերեզմաններուն, որոնք արտաքնապէս գեղեցիկ կ՛երեւին, բայց ներքնապէս լեցուն են մեռելներու ոսկորներով եւ ամէն տեսակի պղծութեամբ» (Մտ. 23.27): Ան արտաքնապէս կը շքեղանայ, մինչ ներքնապէս աւելի կը փճանայ:

Գ.- «Հիւանդութեան» դարմանը

Դժբախտաբար, երկար ժամանակի փորձարկումներէ ետք, «բժշկական» ամէն տեսակի փորձ անօգուտ եղած է եւ որեւէ լուծումի յանգելու կարելիութիւնն իսկ չկայ: Լաւագոյն լուծումը անկէ հեռանալն է:

Իսկ «բժշկական» համաժողովներ երկար խորհրդակցութենէ ետք անոր տուին այս «հիւանդութիւն»-ը լաւագոյնս արտայայտող ԹՐՔԱՅՆԱՑՈՒՄ անունը:

Բժիշկ չենք, սակայն հա՛յ ենք: Բժիշկ ըլլալու կարիք չկայ նկատելու համար այս բոլորը: Արաբական առածը կ՛ըսէ. «Փորձառուին հարցուր, բժիշկին մի՛ հարցներ»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES