Բիւր Յարգանք` Մեծ Եղեռնի Զոհերուն

Հայ ժողովուրդը ամէն տարի ապրիլ 24-ին միասնական շարքերով կը նշէ բարբարոս թուրքերուն կողմէ ի գործ դրուած Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը:

Դպրոցները անմասն չեն մնար այս ոգեկոչումներէն: Առ այդ, ուրբաթ, 20 ապրիլ 2012-ի ատենամարզանքի պահուն Գէորգ Հարպոյեան վարժարանի աշակերտութիւնը հանդիսութեամբ մը յիշատակեց ապրիլեան զոհերը` յարգանքի իր տուրքը մատուցելով մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներուն:

Բացման խօսքով ելոյթ ունեցաւ 11-րդ դասարանի աշակերտ Նարեկ Ճենանեան, որ ի մասնաւորի շեշտը դրաւ այն իրականութեան վրայ, թէ` «հակառակ ծրագրուած ցեղասպանութեան` հայ ժողովուրդը կրցաւ պահել իր գոյութիւնը, իր լեզուն եւ մշակոյթը եւ պահանջատէր դարձաւ` ապացուցելով, որ Հայկական հարցը գոյութիւն ունի»:

Օրուան պատգամախօսն էր հիւրաբար դպրոց այցելող Գամիշլիի ընդհանուր փոխանորդ Անդրանիկ ծ. վրդ. Այվազեան, որ թելադրեց բոլոր հայերուն եւ մասնաւորաբար նոր սերունդին` «չմոռնալ եւ մեր յիշողութեան մէջ վառ պահել Մեծ եղեռնի յիշատակը, ապա թէ ոչ սկիզբ կ՛առնէ սպիտակ եղեռնը»: Վարդապետը օրինակ բերաւ լոյս եւ հաւատք քարոզող երանելի Իգնատիոս Մալոյեանը, որուն` «մարտիրոսութիւնը ապացոյց է մեր ժողովուրդի քաջութեան, վստահեցնելով, որ անհաւատալի է հայը անասունի տեղ դրած թուրքին գազանային եւ անասնային բնազդը»:

Պատգամաբերը ըսաւ, թէ` «հայոց նոր ջարդը արտագաղթն է, եւ այն հայը, որ հայերէն կը խօսի, հայերէն կ՛աղօթէ եւ իր զաւակը հայկական դպրոց կը ղրկէ, կ՛ուշացնէ նոր սպիտակ ջարդը», որովհետեւ, ըստ անոր, «օտար դպրոց յաճախելը թուրքին ուզածն է»: Ան շեշտեց, որ` «ապրիլ 24-ը միայն մէկ օր չէ, այլ կեանք մըն է, իրականութիւն մըն է, որուն փաստը տակաւին նոյնիսկ 97 տարիներ ետք կարելի է գտնել Տէր Զօրի անապատներու հողին տակ»: Վարդապետը կոչ ուղղեց չմոռնալ մեր պատմութիւնը, որովհետեւ` «մոռցող հայը կորսուած հայ է, իսկ յիշողը ու յիշեցնողը` գոյատեւող»: «Քրիստոսին ու հայրենիքին համար հայ ժողովուրդին վճարած գինը շատ սուղ է, հետեւաբար զիրար սիրել սորվելով եւ զիրար ամբողջացնելով` հայը կը վստահի իր ուժերուն եւ կը շարունակէ իր պահանջատիրութիւնը, որովհետեւ արդարութիւնը մենք ձեռքով կը խլենք եւ չենք կրնար զայն սպասել աշխարհէն», եզրակացուց հայր Այվազեան:

Ապա շարքով բեմ բարձրացան 9-րդ դասարանի աշակերտները «Ձօն» ասմունքով, եւ վարժարանին երգչախումբը` «Զարթիր որդեակ» երգով: 6-րդ դասարանը կարդաց մեր նահատակներուն կտակը եւ խմբային ասմունքեց Վահան Թէքէեանի «Պիտի իյնաս» բանաստեղծութիւնը:

Հանդիսութեան վերջին բաժնով խումբ մը աշակերտներ ներկայացուցին կենդանի պատկեր մը, ուր նկարագրուած էր խաղաղ ու հանգիստ ապրող մեր ժողովուրդը, որ 20-րդ դարու սկիզբը կոտորուեցաւ ու տեղահան դարձաւ` ենթարկուելով թուրքին անխնայ եաթաղանին: Պատկերը ցոյց կու տար հայ մտաւորական կարգը, բանուոր կարգը եւ կիներ, որոնք իրարու ետեւէ ջարդուեցան` յագեցնելով թուրքին անասնական ախորժակը: Այս պատկերին կ՛ընկերակցէր նահատակ բանաստեղծ Սիամանթոյի «Խեղդամահը» բանաստեղծութեան ասմունքը, որ եկաւ աւելի փշաքաղելու ներկայացուած տեսարանով արդէն ազդուած ու յուզուած ներկաները:

Յայտագրի աւարտին բեմ բարձրացաւ Ռիթա Պոյաճեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց այս ազգաշունչ յայտագրի պատրաստութեան համար եւ մղեց աշակերտները` «երբեք չմոռնալու իրենց նահատակները եւ քաջութեամբ տէր կանգնելու մեր արդար իրաւունքներու պահանջին»: Ան նաեւ կոչ ուղղեց բոլորին` ներկայ ըլլալու Եղեռնի ոգեկոչման նուիրուած պատարագներուն եւ հանդիսութիւններուն, յարգանքի տուրք մատուցանելու անոնց անթառամ յիշատակին:

Հուսկ, Ռ. Պոյաճեան բեմ հրաւիրեց Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեանը, որ փառք յայտնեց Աստուծոյ, որ` «հակառակ 1.5 միլիոն մեր զոհերուն` հայ ժողովուրդը տակաւին գոյութիւն ունի, եւ մեր յաղթութեան լաւագոյն նշանը Հայաստանն է»: Ան ըսաւ, որ «եթէ մենք մոռնանք մեր ազգութիւնը, եկեղեցին ու դպրոցը, անիմաստ կ՛ըլլայ մեր վերապրիլը», հետեւաբար ան իր խօսքը եզրափակեց մէկ խտացուած գաղափարով` արժէք տալու մեր արժանիքներուն եւ հարստութիւններուն:

ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԳԷՈՐԳ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ     

 

Հայժողովուրդըամէնտարիապրիլ 24-ինմիասնականշարքերովկընշէբարբարոսթուրքերունկողմէիգործդրուածՀայոցցեղասպանութեանզոհերունյիշատակը:

Դպրոցներըանմասնչենմնարայսոգեկոչումներէն: Առայդ, ուրբաթ, 20 ապրիլ 2012-իատենամարզանքիպահունԳէորգՀարպոյեանվարժարանիաշակերտութիւնըհանդիսութեամբմըյիշատակեցապրիլեանզոհերը` յարգանքիիրտուրքըմատուցելովմերմէկուկէսմիլիոննահատակներուն:

Բացմանխօսքովելոյթունեցաւ 11-րդդասարանիաշակերտՆարեկՃենանեան, որիմասնաւորիշեշտըդրաւայնիրականութեանվրայ, թէ` «հակառակծրագրուածցեղասպանութեան` հայժողովուրդըկրցաւպահելիրգոյութիւնը, իրլեզունեւմշակոյթըեւպահանջատէրդարձաւ` ապացուցելով, որՀայկականհարցըգոյութիւնունի»:

ՕրուանպատգամախօսնէրհիւրաբարդպրոցայցելողԳամիշլիիընդհանուրփոխանորդԱնդրանիկծ. վրդ. Այվազեան, որթելադրեցբոլորհայերունեւմասնաւորաբարնորսերունդին` «չմոռնալեւմերյիշողութեանմէջվառպահելՄեծեղեռնիյիշատակը, ապաթէոչսկիզբկ՛առնէսպիտակեղեռնը»: ՎարդապետըօրինակբերաւլոյսեւհաւատքքարոզողերանելիԻգնատիոսՄալոյեանը, որուն` «մարտիրոսութիւնըապացոյցէմերժողովուրդիքաջութեան, վստահեցնելով, որանհաւատալիէհայըանասունիտեղդրածթուրքինգազանայինեւանասնայինբնազդը»:

Պատգամաբերըըսաւ, թէ` «հայոցնորջարդըարտագաղթնէ, եւայնհայը, որհայերէնկըխօսի, հայերէնկ՛աղօթէեւիրզաւակըհայկականդպրոցկըղրկէ, կ՛ուշացնէնորսպիտակջարդը», որովհետեւ, ըստանոր, «օտարդպրոցյաճախելըթուրքինուզածնէ»: Անշեշտեց, որ` «ապրիլ 24-ըմիայնմէկօրչէ, այլկեանքմընէ, իրականութիւնմընէ, որունփաստըտակաւիննոյնիսկ 97 տարիներետքկարելիէգտնելՏէրԶօրիանապատներուհողինտակ»: Վարդապետըկոչուղղեցչմոռնալմերպատմութիւնը, որովհետեւ` «մոռցողհայըկորսուածհայէ, իսկյիշողըույիշեցնողը` գոյատեւող»: «Քրիստոսինուհայրենիքինհամարհայժողովուրդինվճարածգինըշատսուղէ, հետեւաբարզիրարսիրելսորվելովեւզիրարամբողջացնելով` հայըկըվստահիիրուժերունեւկըշարունակէիրպահանջատիրութիւնը, որովհետեւարդարութիւնըմենքձեռքովկըխլենքեւչենքկրնարզայնսպասելաշխարհէն», եզրակացուցհայրԱյվազեան: 

Ապաշարքովբեմբարձրացան 9-րդդասարանիաշակերտները «Ձօն» ասմունքով, եւվարժարանիներգչախումբը` «Զարթիրորդեակ» երգով: 6-րդդասարանըկարդացմերնահատակներունկտակըեւխմբայինասմունքեցՎահանԹէքէեանի «Պիտիիյնաս» բանաստեղծութիւնը:

Հանդիսութեանվերջինբաժնովխումբմըաշակերտներներկայացուցինկենդանիպատկերմը, ուրնկարագրուածէրխաղաղուհանգիստապրողմերժողովուրդը, որ 20-րդդարուսկիզբըկոտորուեցաւուտեղահանդարձաւ` ենթարկուելովթուրքինանխնայեաթաղանին: Պատկերըցոյցկուտարհայմտաւորականկարգը, բանուորկարգըեւկիներ, որոնքիրարուետեւէջարդուեցան` յագեցնելովթուրքինանասնականախորժակը: Այսպատկերինկ՛ընկերակցէրնահատակբանաստեղծՍիամանթոյի «Խեղդամահը» բանաստեղծութեանասմունքը, որեկաւաւելիփշաքաղելուներկայացուածտեսարանովարդէնազդուածույուզուածներկաները:

 

ՅայտագրիաւարտինբեմբարձրացաւՌիթաՊոյաճեան, որշնորհակալութիւնյայտնեցայսազգաշունչյայտագրիպատրաստութեանհամարեւմղեցաշակերտները` «երբեքչմոռնալուիրենցնահատակներըեւքաջութեամբտէրկանգնելումերարդարիրաւունքներուպահանջին»: Աննաեւկոչուղղեցբոլորին` ներկայըլլալուԵղեռնիոգեկոչմաննուիրուածպատարագներունեւհանդիսութիւններուն, յարգանքիտուրքմատուցանելուանոնցանթառամյիշատակին:

Հուսկ, Ռ. ՊոյաճեանբեմհրաւիրեցԱնդրանիկծ. վրդ. Կռանեանը, որփառքյայտնեցԱստուծոյ, որ` «հակառակ 1.5 միլիոնմերզոհերուն` հայժողովուրդըտակաւինգոյութիւնունի, եւմերյաղթութեանլաւագոյննշանըՀայաստաննէ»: Անըսաւ, որ «եթէմենքմոռնանքմերազգութիւնը, եկեղեցինուդպրոցը, անիմաստկ՛ըլլայմերվերապրիլը», հետեւաբարանիրխօսքըեզրափակեցմէկխտացուածգաղափարով` արժէքտալումերարժանիքներունեւհարստութիւններուն:

 

ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆՄԱՐՄԻՆ

ՀԱՅԿԱԹՈՂԻԿԷԳԷՈՐԳՀԱՐՊՈՅԵԱՆԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆՎԱՐԺԱՐԱՆԻ        

Share this Article
CATEGORIES