ՃԱԿԱՏՆԵՐԸ ԲԱ՛ՐՁՐ

Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ

Նշանակալից օրեր կ՛ապրի լիբանանահայութիւնը այս օրերուն: Ազգային-պահանջատիրական եռուն մթնոլորտ մը կը տիրէ ամէնուրեք: Բոլորին ճակատները բարձր են, սիրտերը` ամրապինդ:

Մեր շուրջը կ՛արձանագրուին երեւոյթներ, որոնց ի տես կարելի չէ լուռ մնալ: Պայքարի նոր որակ մը կը նուաճուի` շնորհիւ այն սքանչելի երիտասարդութեան, որ մինչեւ մօտիկ անցեալը կը կարծուէր, թէ անտարբեր ու կրաւորական է ազգը եւ հայրենիքը յուզող հարցերուն նկատմամբ:

Կարելի՞ է «Ազդակ»-ի էջերը բանալ եւ գոհունակութիւնը չապրիլ ամէն օր շրջանի մը մէջ կատարուող ձեռնարկի մը ի լուր: Բոլոր շրջանները, անխտի՛ր, Այնճարէն մինչեւ Ժիպէյլ, Ռաուտա, Ֆանար, Հայաշէն, Անթիլիաս, Զալքա, Պուրճ Համուտ եւ այլուր թատերաբեմ դարձած են ժողովրդային խուռներամ ձեռնարկներու: Սովորականէն տարբեր շարժում մը կը խլրտայ մեր շուրջ: Իւրաքանչիւրը իր ձեւով կ՛ոգեկոչէ մէկուկէս միլիոնին յիշատակը եւ կ՛ուխտէ տէրը ըլլալ իր անհատոյց քաղաքական դատին: Պատանին գեղարուեստական յայտագիր կը պատրաստէ, սկաուտը կը տողանցէ, աշակերտը յիշատակի ձեռնարկ կը կազմակերպէ, ֆութպոլիստը Պիքֆայայի յուշարձան կը բարձրանայ, երիտասարդը թրքական դրօշ կ՛այրէ, երկրաչափը վերապրող հայ մարդուն արհեստներու տուն-թանգարանը կը ստեղծէ, համալսարանականը հայ-թուրք վիճաբանական ասուլիս կը կազմակերպէ, հայ կինը Այնթուրայի որբանոց կ՛այցելէ, մշակոյթի մարդը «մինչեւ վերջին կաթիլը պիտի պայքարինք» վճռակամութեամբ գեղարուեստական ելոյթ կը կազմակերպէ…

Կարելի՞ է լուռ մնալ ի տես այն բազմահազար Եռագոյն դրօշներուն, որոնք ողողած են լիբանանահայ թաղերը այս օրերուն: Առաջին անգամն է, որ ապրիլ 24-ի առիթով Եռագոյն կը ծածանէ մեր ժողովուրդը: Նախապէս, մայիս 28-ին կը վերապահէր այդ մէկը: Այսօր մեր ժողովուրդը ապրիլ 24-ը կը տօնէ յաղթանակածի տրամադրութեամբ, անկախ Հայաստանի բերկրանքը ապրողի՛ հպարտութեամբ, իր ետին ձգած ջարդի ու սուգի տխուր օրերը: Պատահա՞ծ է, որ ապրիլեան ոգեկոչումի մը պարէր մեր երիտասարդութիւնը: Այս տարի պարե՛ց ան Պիքֆայայի հսկումին, առաջին անգամ ըլլալով: Պարե՛ց ամէն արհաւիրքէ ետք վերականգնելու խրոխտ ոգիով: Պարե՛ց հայ հողը իր ոտքին տակ դղրդացնելու յոյսով:

Իսկ ի՞նչ ըսել հայաշատ մեր թաղամասերուն մէջ այրուող թրքական դրօշներուն ի տես: Գաղութին պատմութեան մէջ այնքան թրքական դրօշ չէ այրուած` որքան անցնող մէկ շաբթուան ընթացքին: Ինչի՞ վերագրել այս երեւոյթը, եթէ ոչ` ժողովրդային շրջանակներու մէջ գոյութիւն ունեցող հակաթուրք այն բուռն տրամադրութիւններուն, որոնք մարած կը կարծուէին ըլլալ շատերու համար: Իսկ ի՞նչն է, որ այս ժողովուրդը այսքան տարերայնօրէն շարժեց քանի մը շաբթուան ընթացքին: Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախապատրաստութի՞ւնը, Լիբանանի մէջ օրէ օր ահագնացող թրքական վտանգին աճը՞, թէ այն ինչ որ տարիներէ ի վեր անթեղուած էր հոգիներուն խորը եւ բռնկելու համար կը սպասէր 2012-ի ապրիլեան պատրոյգին:

Ու դեռ, ի՞նչ ըսել այն հսկայական գրականութեան մասին, որ քանի մը օրուան ընթացքին մշակուած է «Ֆէյսպուք»ի եւ համացանցի պլոկներու էջերուն: Ամէն մարդ մասնակից է պայքարի նոր ձեւերու որոնման ու քննարկման աշխատանքին: Դրօշակ այրել-չայրելու վէճերը, ասֆալտի վրայ հակաթուրք կրաֆիզմի արտայայտութիւնները ծաւալած են ազգային-պահանջատիրական մեր ուղիին շուրջ լայն քննարկումներ, որոնք ամէն պարագայի օգտակար են եւ նոր մտածումներու ու հեռանկարներու մշակման կը նպաստեն:

Հապա՞ ցոյցը: Կարելի՞ է չհիանալ այն սքանչելի ժողովուրդով, որ Անթիլիասի մայրավանքէն մինչեւ թրքական դեսպանատուն քալեց հաստատակամ ու աննահանջ քայլերով: Այդ օր, բոլորը կ՛աճապարէին հասնիլ թրքական դեսպանատուն` իրենց ձայնը բարձրացնելու համար ցեղասպանին պետական ներկայացուցիչներուն դէմ: Բոլորը կեցուածք մը ունէին արտայայտելիք. ոմանք` ազգային-յեղափոխական երգով, ուրիշներ` քարով, շատեր` լոլիկով ու հաւկիթով, իսկ ոմանք ալ ջուրի շիշերով: Ի վերջոյ ի՞նչ պէտք էր սպասել երիտասարդութենէ մը, որ առաջին անգամ ըլլալով դէմ յանդիման կը գտնուէր թրքական դեսպանատան մը. վարդեր ու մեխակնե՞ր նետէին, թէ քաղցրաբարոյ խօսքեր արտասանէին… Այդ օր Լիզպոնի տղոց երգը հնչեց դեսպանատան առջեւ, որովհետեւ ցուցարարները քաջ գիտէին, որ թրքական դեսպանատուներու դիմաց լիզպոնեան սխրանքներ միայն կրնան արձանագրուիլ: Երեւոյթը խորհրդանշական էր ու տպաւորիչ:

Վարագոյրը տակաւին չէ իջած 2012-ի ապրիլեան ոգեկոչումներուն վրայ: Ձեռնարկներու շարքը վաղը, միւս օր կրնայ աւարտիլ, սակայն լիբանանահայութեան ազգային-պահանջատիրական երթը հանգիստ պիտի չճանչնայ: Հայ դատի պայքարի նոր ու աւելի ազդու եղանակներ պիտի յաջորդեն իրարու, թուրքին պարանոցին բոլորուած օղակը աւելի ու աւելի սեղմելու համար:

Այս կը թելադրեն 2012-ի ապրիլեան ձեռնարկները:

Այս կը խոստանան մեր պահանջատէ՛ր երիտասարդները:

 

 

Share this Article
CATEGORIES