50 տարի առաջ ( 30 ապրիլ 1962 )

Զատկական Պատարագը Հայ Կաթողիկէ
Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ Մէջ

Կիրակի, Ս. Զատիկին, կարտինալ Աղաճանեան` կաթողիկոս-պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ, հայրապետական Ս. պատարագ մատոյց Ս. Գրիգոր եւ Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ:

Եկեղեցին նեղ կու գար բազմահազար երկսեռ հայ հաւատացեալներուն առջեւ: Ներկաներուն մէջ քիչ չէր թիւը ֆրերներու, փերերու, սէօրերու, ինչպէս նաեւ մայր եկեղեցւոյ զաւակներուս, որոնք եկած էին մասնակից դառնալու օրուան վսեմ խորհուրդին եւ հաղորդուելու օրուան պատարագիչ հովուապետի պատգամէն:

Կարտինալ Աղաճանեան ժամը 9:00-ին, զգեստաւորուած, իր երկու կողմերը ունենալով Կոգեան եւ Պաթանեան արքեպիսկոպոսները, նաեւ` վարդապետներու հոյլ մը, բարձրացաւ Ս. խորան ու սկսաւ Ս. պատարագի հոգեպարար արարողութեան:

«Հայր մեր»-էն առաջ հոգեւոր տէրը իր պատգամը տուաւ` յորդորելով, որ հայ ժողովուրդը հաստատ մնայ իր հաւատքին մէջ, վարդապետներուն կոչ ըրաւ, որպէսզի կենդանի վկաները ըլլան Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան եւ տարածեն անոր վարդապետութիւնը: Այս խորիմաստ քարոզը վերջացնելէ առաջ յայտնեց իր առաքելութիւնը` սրբազան պապին կողմէ իրեն վստահուած, որպէս հաւատքի տարածման վերին հովուապետ: Այս առթիւ յարմար նկատեց յայտնել նաեւ, թէ պապը հայ ազգին հանդէպ բացառիկ սէր եւ գուրգուրանք ունի:

Հոգեւոր տիրոջ քարոզէն անմիջապէս ետք,  Պաթանեան արքեպիսկոպոս արաբերէնով  տուաւ հոգեշունչ քարոզ մը` ոգեւորելով արաբախօս հայերը:

Հայրապետական քառաձայն պատարագը տեղի ունեցաւ Կիրակոս Պեքիարեանի վարդապետին ղեկավարութեամբ: Շատ ժլատ ենք մեր արժէքներուն գովքը հիւսելու մէջ: Օտարը կը տեսնէ, ականջալուր կ՛ըլլայ ու կը հիանայ: Շատ յաճախ բառերը անզօր, խեղճ ու աղքատ են ներկայացնելու համար տեղի մը կամ դէմքի մը իրական արժէքը: Պատեցէք հինգ աշխարհամասերու ծայրամասերուն վրայ եւ մուտք գործեցէք համայնքներուն բոլո՛ր աղօթատեղիներէն ներս, ունկնդիր եղէք անոնց արարողութեան եւ պիտի տեսնէք, որ անոնցմէ ոչ մէկը մեր եկեղեցւոյ  շարականներուն հմայքն ու վեհութիւնն ունի:

Յետ պատարագի, ներկաներէն կէսէն աւելին հաղորդութիւն առին ձեռամբ արքեպիսկոպոսներ Կոգեանի եւ Պաթանեանի: Հուսկ, ապա պատարագիչ հոգեւոր տէրը կղերականներու շքախումբով իջաւ եկեղեցւոյ դահլիճը` ընդունելու համար զատկական բարեմաղթութիւնները իր հօտին: Հիւրասիրութենէն ետք, հոգեւորապէս վերանորոգուած, ներկաները մեկնեցան խանդավառ տրամադրութեամբ:

Վ. Ա. ՃԻՀԱՆԵԱՆ

Հայկական Կեանք

 Հյդ Ամերիկայի Հանգանակութիւնը
Թափով
Առաջ Կը Տարուի

 

Սան Ֆրանսիսքոյի հանգանակային հաւաքոյթը տեղի ունեցած է մեծ շուքով: Դաշնակցութեան կոչին պատասխանելով` ընկերներու եւ համակիրներու մեծ բազմութիւն մը ներկայ գտնուած է եւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ նուիրած է 7300 տոլար: Հաւաքոյթ-հանդէսին ատենապետած է ընկ. Կռանեան, խօսած են ընկեր Ռ. Դարբինեան եւ Ս. Սարոյեան:

Պինկհեմթընի եւ Ուէսթ Փուլմանի փոքրաթիւ գաղութները եւս մասնակցած են հանգանակութեան եւ նուիրած են մօտ 2500 տոլար: Ընկ. Էճեան մասնակցած է 500 տոլարով: Պինկհեմթընի հաւաքոյթին խօսած են ընկերներ` Ճեք Մուրատեան եւ Վազգէն Թերզեան: Ուէսթ Փուլմանի մէջ խօսած է ընկ. Յովիկ Էթեան:

Share this Article
CATEGORIES