Արուեստի Աշխարհէն. Շէյքսփիր Կը Շարունակէ Յարմարիլ Ժամանակներուն
ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ ԱՇՈՒՂԸ ԱՉՔԵՐԸ ՅԱՌԱԾ Է ԱՄԷՆԷՆ ԱՒԵԼԻ ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ՎԱՅԵԼՈՂ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵԱՆ ՑՈՒՑԱԿՆԵՐՈՒ ԳԱԳԱԹԻՆ: «ՍՔԱՅ ՆԻՈՒԶ» ԿԸ ԳՐԷ ԱՆՈՐ ՀՆՉԵԱԿՆԵՐՈՒՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՆՈՐ ԱԼՊՈՄԻ ՄԸ ՄԱՍԻՆ.
Վերածնունդի ժամանակներու երաժշտութիւն նուագողներու խումբ մը ստորագրած է ձայնագրութեան պայմանագրութիւն մը` հրապարակելու համար Ուիլիըմ Շէյքսփիրի հնչեակները:
Խումբը կը հաւատայ, թէ կազմած է սիրային երգերու կատարեալ ալպոմ մը, որովհետեւ անոնց բառերը կը պատկանին անձի մը, որ կը նկատուի աշխարհի ամէնէն աւելի հռչակաւոր գրագէտներէն մէկը: «Երգերը շատ կատարեալ են, շատ գեղեցիկ. անոնք կ՛ըսեն ամէն ինչ, որ մարդիկ անցեալին զգացած են սիրոյ մասին եւ կը զգան այսօր», կ՛ըսէ հնչեակները պարունակող ալպոմին երաժշտական ղեկավարը` Ռոպըրթ Հոլինկուորթ:
«Երբ կը հանդիպիս մէկու մը եւ կը սիրահարիս անոր եւ կ՛ըսես. «Կրնա՞մ քեզ նմանցնել ամրան օրուան մը, բայց դուն շատ աւելի սիրուն ես», կը մտածես, իրօք, ի՛նչ բան աւելի գեղեցիկ է, քան` ամրան օր մը», կ՛ըսէ ան:
Ալպոմին գլխաւոր երգիչը` Ռոպին Սքոթ համաձայն է. «Չկայ Շէյքսփիրէն աւելի լաւ գրագէտ մը. չեմ ուզեր վշտացնել ոեւէ այլ գրագէտ, սակայն Շէյքսփիրի բառերը աւելի գեղեցիկ են… Այս ձեւով կը յուսանք յարգանքի տուրք մը մատուցել անոր բառերուն»:
Էրին Հետլի ալպոմին համար կը նուագէ էլիզապէթեան ժամանակաշրջանի 13 լարերէ բաղկացած թաւջութակի տեսակ մը, որ կը կոչուի լիրիոն եւ կը յիշեցնէ արդի ժամանակներու պաս գործիք մը:
Ան կը հաւատայ, թէ իր գործիքին հարազատ ձայնը Շէյքսփիրի անժամանցելի բառերուն եւ արդի ժամանակներու ձայնային արտադրութեան բարձր որակին հետ միացած` կը ստեղծէ եզակի երաժշտութիւն մը:
Սակայն Ֆիլիփ Թենանթ, որ ալպոմին արտադրիչն է եւ յայտնաբերած է փոփ երաժշտութեան աստղերէն Փիքսի Լոթը, բախտախաղի կը նմանցնէ նախաձեռնութիւնը: Ան թէեւ կը հաւատայ, որ անիկա յաջողութիւն պիտի արձանագրէ ամէնէն աւելի ժողովրդականութիւն վայելող ալպոմներու ցուցակներուն մէջ, սակայն չ՛ակնկալեր ջախջախիչ վաճառք:
«Ինչպէ՞ս պիտի կարենանք շահ ապահովել. լաւ հարցում մըն է ասիկա», կ՛ըսէ ան:
«… Երեւութապէս կ՛արժէ ճիգ եւ ժամանակ տրամադրել այս գործին: Տարբեր հարց, թէ անիկա լաւ վաճառք կ՛արձանագրէ՞, թէ՞ ոչ»:
Այսուհանդերձ, Թենանթ կը յուսայ, որ Շէյքսփիրի հնչեակներու իր արտադրութիւնը պիտի արժանանայ քննադատներու գնահատականին եւ թերեւս կարգ մը մրցանակներ ապահովէ Բրիտանիոյ աշուղին` խլելով «Մըրքըրի»-ի, «Իւոր Նովելլօ»-ի կամ նոյնիսկ` «Պրիթ»-ի նման մրցանակներ:
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

