Արուեստի Աշխարհէն. Տասնամեակներ Առաջ Արուեստի Գողցուած Գործեր Կը Վերադառնան…

Ֆեռնան Լըժէի «Կապոյտ շիշը» գեղանկարը յայտնաբերուած է արուեստի գործերու վաճառականի մը կալուածներուն մէջ:
ՇՈՒՐՋ 1 ՄԻԼԻՈՆ ՏՈԼԱՐ ԱՐԺՈՂՈՒԹԵԱՄԲ ՉՈՐՍ ԳԵՂԱՆԿԱՐՆԵՐ, ՈՐՈՆՔ 24 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ԳՈՂՑՈՒԱԾ ԷԻՆ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷԿ ՊԱՏԿԵՐԱՍՐԱՀԷՆ, Ի ՅԱՅՏ ԿՈՒ ԳԱՆ ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ՄԷՋ, ՄԻՆՉ ՍԵՐՊԻՈՅ ՈՍՏԻԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ Ի ՅԱՅՏ ԿԸ ԲԵՐԷ ՍԵԶԱՆ ՄԸ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ԳՐԷ.
Ընդհանուր հաշուով ժամանակակից արուեստի 6 գործեր 1988-ին գողցուած էին Սոլոման պատկերասրահէն: Անոնցմէ մէկը ի յայտ եկած էր 2003-ին:
Սակայն մնացեալ գործերը կը մնային պահուած, մինչեւ որ ի վերջոյ ի յայտ եկած են գերմանացի արուեստի գործերու վաճառականի մը կալուածներուն մէջ:
Վաճառականին աղջիկը փորձած էր հաստատել գեղանկարներուն վաւերականութիւնը: Ասիկա պատճառ դարձած էր, որ արուեստի գողցուած գործերու հետքը փնտռող «Արթ Լոս Ռեճիսթըր» կազմակերպութիւնը ենթադրէր անոնց գտնուած հաւանական վայրը:
Կազմակերպութիւնը կ՛ըսէ, թէ տակաւին մէկ գեղանկարի հետքը կը մնայ անյայտ:
Ֆրանց Քլինի «Թթենիի կեդրոն» գեղանկարը գողցուած էր Ռոպըրթ Մատըրուելի, Քարել Ափելի, Ժան Տիւպիւֆէի եւ Ֆեռնան Լըժէի գործերուն հետ:
Ափելի պաստառը ի յայտ եկած էր 2003-ին, երբ իրաւաբան մը, որ կը ներկայացնէր գերմանացի անանուն արուեստի վաճառական մը, պրպտումներ կատարած էր «Արթ Լոս Ռեճիսթըր»-ի ցուցակներուն մէջ եւ իշխանութիւններուն յայտնած էր անոր գտնուած վայրը:
Վաճառականը ըսած էր, թէ առանց գիտնալու գնած էր գողցուած 6 գեղանկարները, սակայն դրամական ոչ մէկ արձանագրութիւն կարելի եղած էր գտնել եւ միւս գեղանկարներէն ոչ մէկ մէկուն վայրը կարելի եղած էր յայտնաբերել, որովհետեւ իրաւաբանը մերժած էր բացայայտել իր յաճախորդին անունը:
Գեղանկարներէն չորսը ի յայտ եկած են, երբ այժմ մեռած արուեստի վաճառականին աղջիկը դիմած է Նիւ Եորքի Տետալըս հիմնարկին, որպէսզի հաստատէ արուեստի գործերէն մէկուն վաւերականութիւնը:
Հիմնարկը ազդանշան մը տուած է «Արթ Լոս Ռեճիսթըր»-ի, որ ուղարկած է մասնագէտներու խումբ մը, որպէսզի ստուգեն արուեստի գործերուն պատկանելիութիւնը:
«Արթ Լոս Ռեճիսթըր»-ի իրաւաբան Քրիսթաֆըր Մարինելլօ կ՛ըսէ. «Պիտի դժուարացնենք կեանքը անոնց, որոնք կը փորձեն վաճառել արուեստի գողցուած գործեր»:
«Մարդիկ կրնան թաքնուիլ իրաւաբաններու ետին եւ փնտռել բացթողումներ քաղաքային օրէնքներու մէջ, սակայն ի վերջոյ անոնք պիտի ստիպուին դիմագրաւել զիրենք բաւական անհանգստացնող հարցեր»:
«Հարցը պարզապէս չի մոռցուիր ժամանակին հետ: Արուեստի գողցուած գործերը յաջորդ սերունդին կտակելը կորսուած դատ մըն է», կը զգուշացնէ ան:
Այժմ գեղանկարները սեփականութիւնն են պատկերասրահին ապահովագրական ընկերութեան, որ ներկայիս բանակցութիւններ կը վարէ պատկերասրահին հետ, որ անոնց նախկին սեփականատէրն էր, եւ կը քննէ զանոնք պատկերասրահին հաւաքածոյին վերադարձնելու կարելիութիւնները:
Նաեւ` Սեզան Մը
Սեզանի «Կարմիր թիկնոցով տղան», որ 2008-ին գողցուած էր Զուիցերիոյ Էմիլ Պիւրլ թանգարանին հաւաքածոյէն, այժմ ի յայտ եկած է Սերպիոյ մէջ:
Ոստիկանութիւնը թէեւ չէ հրապարակած գողցուած գեղանկարին անունը, սակայն յայտարարած է, թէ երեք հոգի ձերբակալուած է անոր հետ առնչուած գողութեան յանցանքով: Գողերուն հետքը կարելի եղած է գտնել եւրոպական բազմաթիւ երկիրներու գործակցութեամբ:
Այժմ մասնագէտ մը ուղղուած է Սերպիա` հաստատելու համար 1888-ին գծուած եւ աւելի քան 109 միլիոն տոլարի գնահատուած գեղանկարին վաւերականութիւնը:
Ցիւրիխի թանգարանէն կատարուած գողութիւնը կը նկատուէր քանի մը տարի առաջ Եւրոպայի մէջ կատարուած արուեստի մեծագոյն գողութիւններէն մէկը:
Զինուած եւ իրենց դէմքերը քողով ծածկած մարդիկ, որոնք սլաւական շեշտով գերմաներէն կը խօսէին, գլխաւորած էին զայն:
«Կարմիր թիկնոցով տղան» գողցուած էր Քլոտ Մոնէի, Վինսընթ վան Կոկի եւ Էտկար Տեկայի գլուխ գործոցներուն շարքին: Գողութենէն անմիջապէս ետք Մոնէի եւ վան Կոկի գործերը ի յայտ եկած էին Ցիւրիխի մէկ հոգեբուժարանին մօտ: Տեկայի գեղանկարը կը մնայ անյայտ:
Սեզանի «Կարմիր թիկնոցով տղան» կը պատկերէ իտալական աւանդական տարազով մանչ մը: Անոր երեք տարբերակները կը ցուցադրուին ամերիկեան թանգարաններու մէջ:
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ



