«Թուտէյզ Զաման» Կ՛Անդրադառնայ «Ազդակ»-ին

Մեծ տարածում ունեցող անգլիատառ թրքական «Թուտէյզ Զաման» օրաթերթը իր 17 ապրիլ 2012-ի թիւին մէջ լոյս ընծայած է թուրք լրագրող Պիւնեամին Քէօսելիի «Ո՛չ արեւելքին, ո՛չ արեւմուտքին պատկանող տեղ մը` Պէյրութ» խորագիրով յօդուածը:

Նշենք, որ Քէօսելի, որ ընկերային հարցեր արծարծող յօդուածագիր մըն է, Լիբանան իր կեցութեան ընթացքին այցելեց նաեւ «Ազդակ»-ի խմբագրատուն, ուր ընդհանուր հարցերու շուրջ զրոյց մը ունեցաւ «Ազդակ»-ի խմբագիրներուն հետ:

«Պէյրութի մէջտեղ փոքր Հայաստան մը» ենթախորագիրին տակ Պուրճ Համուտ իր այցելութեան մասին գրելու ընթացքին Քէօսելի կը նշէ, որ հայերը Լիբանանի մէջ բազմաթիւ դպրոցներ եւ եկեղեցիներ ունին, ինչպէս նաեւ կ՛անդրադառնայ «Ազդակ»-ին` կարեւոր նկատելով օրաթերթին դերը` իբրեւ ամէնէն շատ ժողովրդականութիւն ունեցող հայկական օրաթերթը:

http://www.todayszaman.com/news-277745-a-place-that-belongs-to-neither-east-nor-west-beirut.html

Share this Article
CATEGORIES