Դամասկոսի Մէջ Պայթում Մը Պատճառեց 9 Զոհ Եւ 26 Վիրաւոր

Սուրիական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ մայրաքաղաք Դամասկոսի Մայտան շրջանին մէջ գտնուող Իմամ Զէյնէտտին Ապիտին մզկիթին մօտ ականի մը պայթումը 6 զոհ խլած է: Սուրիական «Տունիա» պատկերասփիւռի կայանը իր կարգին նշեց, որ պայթումը 3 զոհ եւ 10 վիրաւոր պատճառած է: Աւելի ուշ հաղորդուեցաւ, որ պայթումը պատճառած է 9 զոհ եւ 26 վիրաւոր:

Սուրիական պատկերասփիւռի կայանը նաեւ հաղորդեց, որ ապահովական մարմինները Պանիասի մէջ երեք ականներ վնասազերծած են, սակայն չորրորդ մը պայթած է` վիրաւորելով ապահովական ուժերու երկու անդամներ: Պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Տէր Զօրի Տուար Մալաժի պարտէզին մէջ 20 քիլոկրամ եւ 30 քիլոկրամ ուժգնութեամբ երկու ականներ վնասազերծուած են:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վիքթորիա Նուլընտ յայտարարեց, որ ամերիկեան իշխանութիւնները «սեփական ուղիներով» կը ստանան տեղեկութիւններ, ըստ որոնց, «Ասատն ու իր ընկերները մրցանշային արագութեամբ պետական գումարներ կը ծախսեն, որուն իբրեւ արդիւնք ներկայիս Դամասկոս ունի բռնութիւններու սկիզբին իր ունեցած պահեստի կէսէն ալ քիչ գումար»:

Ամերիկեան ազդեցիկ «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը հինգշաբթի օր գրած էր, որ Սուրիոյ կառավարութիւնը այժմ միայն 5-10 միլիառ տոլարի գումար ունի, երբ անցեալ տարի բռնութիւններու սկսման ժամանակ շուրջ 20 միլիառ տոլարի գումար ունէր:

ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն սուրիական իշխանութիւնները մեղադրած է Սուրիոյ տագնապի խաղաղ լուծման ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անանի ծրագիրը չգործադրելու համար:

Հրապարակուած յայտարարութեան մը մէջ Քի Մուն յայտնեց, որ ներկայ կացութիւնը ուղղակիօրէն կը հակասէ սուրիական իշխանութիւններուն ստանձնած պարտաւորութիւններուն եւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատէն պահանջած է իրավիճակը կարգաւորելու համար անյապաղ գործողութիւններու ձեռնարկել:

Նշենք, որ Արաբական լիկան հինգշաբթի օրուան իր ժողովէն ետք հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը` յայտնելով, որ մտադիր է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կոչ ուղղել` սուրիացի քաղաքայինները պաշտպանելու համար անմիջական քայլի դիմելու:

Հաղորդագրութիւնը կը նշէր, որ «Արաբական լիկան ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի 5 մայիսի նիստին իր արաբ ներկայացուցիչը` պիտի նշանակէ` Ապահովութեան խորհուրդէն խնդրելու սուրիացի քաղաքայինները անմիջապէս պաշտպանել»:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ հաղորդագրութեան վերջնական տարբերակէն ջնջուած էր նախնական տարբերակին մէջ տեղ գտած ՄԱԿ-ի ուխտի 7-րդ յօդուածը, որ դիւանագիտական եւ տնտեսական պատժամիջոցներէն մինչեւ զինուորական միջամտութիւն երկարող քայլեր կ՛արտօնէ:

 

Share this Article
CATEGORIES