Հունգարիա Հաստատած Է «Նապուքօ»-Էն Դուրս Գալու Իր Մտադրութիւնը
Հունգարական ՄՕԼ քարիւղի ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Ժոլթ Կեռնատի հաստատած է, որ ընկերութիւնը «Նապուքօ» նախագիծէն դուրս կու գայ:
«ՄՕԼ իսկապէս դուրս կու գայ այդ նախագիծէն: Այս պահու դրութեամբ ընկերութիւնը մեզի համար շուրջ քսան միլիոն եւրօ արժող նախագիծի բարեյաջող աւարտի կարելիութիւն չի տեսներ», յայտարարած է Կեռնատի:
Ընկերութեան ղեկավարը շեշտած է, որ եթէ նախագիծը իրականանայ, խողովակաշարը առանց որեւէ խնդիրի կրնայ Հունգարիոյ տարածքէն անցնիլ:
Յիշեցնենք, որ «Նապուքօ» խողովակաշարին միջոցով նախատեսուած էր կասպեան շրջանէն կազ առաքել եւրոպական շարք մը երկիրներ: Նախապէս «Նապուքօ»-ով նախատեսուած էր վառելանիւթ առաքել տարեկան շուրջ 31 միլիառ խորանարդ մեթր ծաւալով, եւ անիկա պիտի ունենար 3900 քիլոմեթր երկարութիւն: Սակայն արդէն քանի մը տարիէ ի վեր խողովակաշարի շինարարութիւնը չի սկսիր:

