«Վանայ Ձայն»-Ի Արաբերէն Բաժինին Հետ Իր Հարցազրոյցին Ընթացքին «Ջանանք Վերակենդանացնել Ներքին Ապահովութեան Ուժերու Տարրերու Նախկին Հմայքը» Ըսաւ «Նաշրա» Կայքէջի Խմբագրապետ Ժոզեֆ Սըմաան
«Տակաւին կան ոմանք, որոնք կը վրդովին կարծիքի ազատութենէ եւ կը խորհին, թէ մարդոց իրաւունքները պաշտպանող մէկը չէ մնացած», յայտնեց լիբանանեան «Նաշրա» լրատուական կայքէջի խմբագրապետ Ժոզեֆ Սըմաան` երէկ յետմիջօրէին «Վանայ ձայն»-ի արաբերէն բաժինի խօսնակ Հալա Հատտատի հարցումներուն պատասխանելով: Սըմաան կ՛ակնարկէր իր կայքէջի անձնակազմէն լուսանկարիչ Հիւսէյն Պայտունի դէմ ներքին ապահովութեան ուժերու կարգ մը տարրերու ցուցաբերած յարձակողական վերաբերմունքին:
«Պատերազմէն տարիներ ետք մեր մտայնութիւնը պէտք չէ կառչած մնայ այդ պատերազմական մթնոլորտին, այլ` անհրաժեշտ է, որ օգտուինք անոր դասերէն եւ ընթանանք դէպի առաջ», շարունակեց Սըմաան եւ աւելցուց. «Արդեօք ներքին ապահովութեան ուժերու տարրերը պիտի ուզէի՞ն, որ իրենց հարազատները նման վերաբերմունքի ենթարկուին»: Ան յայտնեց, որ դէպքին գծով դատական հարց պիտի յարուցուի` հիմնուելով ականատեսներու եւ փաստացի տուեալներու վրայ:
Ժոզեֆ Սըմաան դիտել տուաւ, որ օսմանեան ու թրքական բռնատիրական լուծի եւ փտածութեան հետեւանքները տակաւին առկայ են լիբանանեան վարչամեքենային մէջ եւ այս, որովհետեւ մենք տրամադիր ենք ընկալելու փտածութեան այդ հոգեբանութիւնը: «Ի՞նչն էր, որ այնքան ընդվզեցուց ներքին ապահովութեան ուժերու ոստիկանը, որ Պշարա Խուրի շրջանին մէջ խոշտանգեց մեր լուսանկարիչը», հարց տուաւ Սըմաան:
Այս առիթով ան կոչ ուղղեց վերահաստատելու երկրի վարչամեքենայի հաստատութեանց կարգավիճակը` վերակենդանացնելով անոր եւ յատկապէս ներքին ապահովութեան ուժերու նախկին հմայքը:

