«Արեանս Գնով Պիտի Արգիլեմ Շուֆի Կայունութիւնը Խանգարելու Միտող Որեւէ Փորձ» Յայտարարեց Ուիամ Ուահապ

Լեռնալիբանանի Շուֆի շրջանին մէջ, Սըմքանիէ եւ Պըքաաթա գիւղաքաղաքներուն միջեւ գտնուող շրջանին մէջ Թաուհիտ հոսանքի նոր կեդրոնի հիմնարկէքի նախօրեակին, հինգշաբթիէն ուրբաթ լուսցող գիշերուան կանուխ ժամերուն պատահած 600 կրամ կշռող ռումբի մը պայթումը պատճառեց վիրաւոր մը` ստեղծելով ընդվզումի եւ դատապարտումի լայն ալիք:

Նախկին նախարար Ուիամ Ուահապի գլխաւորած Թաուհիտ հոսանքի նոր կեդրոնին (որուն պաշտօնական բացումը կը նախատեսուէր երէկ) ականահարումը առանցքը կազմեց դատապարտումի յայտարարութեանց:

Նախ եւ առաջ Ուահապ մամլոյ ասուլիս մը տալով դատապարտեց դէպքը` ընդգծելով, որ անիկա կը կրէ ոճիրի եւ մասնագիտական ահաբեկչութեան դրոշմը: «Պիտի չթոյլատրենք, որ նման դէպքեր խախտեն Շուֆի ապահովութիւնն ու կայունութիւնը», շեշտեց Ուահապ եւ աւելցուց. «Նոյնիսկ արեանս գնով պիտի արգիլեմ նման որեւէ փորձ»: Դատապարտելով պատահածը` Ուահապ ըսաւ. «Ժոմպլաթ ինձմէ աւելի վնասուած է այս դէպքով»:

Նշենք, որ դէպքը դատապարտեցին զանազան պատասխանատուներ եւ շարժումներ, ինչպէս` Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում երեսփոխանական համախմբումը, նախարար Սելիմ Ժրայսաթի եւ ուրիշներ:

Յետմիջօրէին, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, հեռաձայնային հաղորդակցութեամբ մը դատապարտեց դէպքը եւ Ուահապին խոստացաւ, որ Շտապ օգնութեան գերագոյն խորհուրդը պիտի հատուցէ վիրաւորն ու եղած նիւթական վնասները:

Share this Article
CATEGORIES