Շրջելով Մքալլեսի Ճարտարարուեստական Շրջանին Մէջ Նախարար Սապունճեան Խոստացաւ Լուծել Ճարտարարուեստի Մարզի Առկախ Հարցերը
Լիբանանի զանազան շրջաններուն` Հիւսիսի, Հարաւի, Մեթնի, Քեսրուանի ու մօտերս` Պեքաայի) ճարտարարուեստական շրջաններուն տուած իր այցելութեանց ծիրին մէջ, ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ առաւօտ պատուիրակութիւն մը գլխաւորելով այցելեց Մքալլեսի, յատկապէս Տըքուանէի ճարտարարուեստական գործարանները` մօտէն հետեւելու համար անոնց այժմու իրավիճակին:
Մքալլեսի ու մերձակայքի ճարտարարուեստի սեփականատէրերու եւ առեւտրականներու համախմբումի նախագահ Մանսուր Մաշահլանիի հրաւէրին ընդառաջող այս այցելութեան ընթացքին նախարար Սապունճեան խորհրդակցութիւններ ունեցաւ շրջանի գործարարներուն հետ` լսելով անոնց դիմագրաւած դժուարութիւններն ու առաջարկները: Այս ծիրին մէջ ան խոստացաւ արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուրի հետ քննել դէպի արտասահման (յատկապէս` արաբական երկիրներ) արտածուող լիբանանեան արտադրութեանց վրայ դրուող մաքսատուրքերու հարցը: Ան նաեւ աւետեց, որ ստորագրած է ներդրումի գործօնի փոփոխման օրինագիծի ծրագիրը:
Նախարար Սապունճեան այս առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ շեշտեց ճարտարարուեստի մարզին կարեւորութիւնը, ուր հետզհետէ կը բազմանայ ու կը ծաւալի ներդրումի եւ շահարկումի տարողութիւնը: Ան ընդգծեց, որ այս մարզը նոյնքան կարեւոր է, որքան` դրամատնային, սպասարկութեանց, զբօսաշրջութեան եւ առեւտրական մարզերը: «Լիբանանեան ճարտարարուեստը ազգային տնտեսութեան հիմնասիւներէն մէկն է եւ արժանի` ամէն հոգատարութեան», ընդգծեց նախարար Սապունճեան:
Նշենք, որ նախարար Սապունճեան նախանցեալ օր խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Չինաստանի դեսպան Հուու Զիքսիանի հետ: Անոնք միասնաբար պարզեցին լիբանանեան – չինական յարաբերութիւնները, յատկապէս` տնտեսական, ճարտարարուեստական եւ առեւտրական մարզերու դիտանկիւնէն:

