Զօրավար Աուն Տօնական Օրերու Շնորհաւորական Այցելութիւն Տուաւ Յոյն Ուղղափառ Համայնքի Աուտէ Եպիսկոպոսին

Երեք տարիէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով` Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն, պատուիրակութիւն մը գլխաւորելով երէկ այցելեց յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսին:

Հանդիպումին աւարտին լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով զօր. Աուն յայտնեց, որ Աուտէ եպիսկոպոսին հետ խորհրդակցութիւնը խիստ օգտակար էր` մաղթելով, որ մնայուն կապի մէջ կը մնայ անոր հետ` յանգելու համար բարեյաջող արդիւնքներու, յօգուտ հայրենիքին:

Երեսփոխանական իր թեկնածութիւնը Քեսրուանէն Էշրեֆիէ փոխադրելու հաւանականութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` զօր. Աուն ըսաւ. «Քաղաքականութեան մասին չխօսեցանք, այլ` գործելաոճի եւ հայրենակերտումի հոլովոյթներուն մասին զրուցեցինք»:

 

Share this Article
CATEGORIES