«Լիբանան Ներդրումի Մեծ Կարելիութիւններ Ունի» Յայտարարեց Աւստրիոյ Նախագահը
«Լիբանան եւ Աւստրիա յար եւ նման են եւ ունին հասարակաց եզրեր, յատկապէս` զբօսաշրջութեան եւ տնտեսութեան մարզերուն մէջ», յայտարարեց Աւստրիոյ նախագահ Հայնզ Ֆիշըր երէկ` Լիբանանի պատասխանատուներուն հետ իր ունեցած խորհրդակցութեանց աւարտին` նշելով, որ Լիբանան ներդրումի մեծ կարելիութիւններ ունի, եւ անհրաժեշտ նկատեց, որ մամուլը, յատկապէս Աւստրիոյ մամուլը կեդրոնանայ այս ուղղութեան վրայ:
Լիբանան կատարած իր այցելութեան երկրորդ օրուան ընթացքին, աւստրիացի հիւրը մասնակցեցաւ լիբանանեւաւստրիական տնտեսական համագումարին, ապա այցելեց Ազգային թանգարան, որմէ ետք ուղղուեցաւ Նաքուրա` մօտէն իմանալու ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն մէջ աւստրիական ջոկատի լուրերը:
CATEGORIES Լիբանանեան

