Պուրճ Համուտի Աղբալերան Հրդեհին Ծուխը Կ՛Ապականէ Նաեւ Մերձակայքը. «Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութիւնը Կապ Չունի Պատահած Հրդեհին Հետ Եւ Պետութիւնը Պատասխանատու Է Քողազերծելու Դէպքին Իսկական Պատճառը» Ըսաւ Քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեան

Երէկ յետմիջօրէին անիւներու հրկիզումի պատճառով հրդեհ մը ծագեցաւ Պուրճ Համուտի աղբալերան մերձակայքը, ուրկէ արձակուած ծուխը ապականեց Պուրճ Համուտի եւ մերձակայ շրջաններու մթնոլորտը:

«Նաշրա» լրատուական կայքէջի հարցումներուն պատասխանելով` Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեան յայտնեց, որ հրդեհին վայրը մաս կը կազմէ պետութեան պատկանող ծովային կալուածներու սեփականութեան եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը կապ չունի դէպքին հետ, թէեւ քաղաքապետութեան պահակներ կը հսկեն հոն, սակայն ով որ կ՛ուզէ կրնայ որեւէ անկիւնէ մուտք գործել վայրը: Մսըրլեան ընդգծեց, որ պետութիւնը պատասխանատու է քողազերծելու իրականութիւնը եւ յայտնաբերելու դէպքին իսկական հեղինակները:

Ան նշեց, որ «Սուքլին» ընկերութիւնը յաճախ անիւներ կը թափէ այդ վայրին մէջ` դիտել տալով, որ ասիկա անիւներու հրկիզումի երրորդ դէպքն է, որ կը պատահի շրջանին մէջ:

Ըստ նոյն աղբիւրին, հրդեհին պատճառն ու հեղինակները կը մնան անորոշ: Երեկոյեան հրշէջներ յաջողեցան իրենց հակակշիռին տակ առնել հրդեհը եւ հեռու պահել զայն Տորայի կազի պահեստի կայաններէն:

Կենսոլորտի նախարար Նազեմ Խուրի յայտնեց, որ հրդեհը առողջապահութեան վնասող, վտանգաւոր թունաւորումի աղբիւր է:

Ըստ լիբանանեան «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին, կենսոլորտի նախարարութիւնը դէպքին սկիզբէն իսկ յատուկ խմբակ առաքած է շրջան եւ նախարար Խուրի մօտերս պիտի առաջարկէ նման հարցերու լուծման յատուկ կենսոլորտի արտակարգ յանձնախումբի մը կազմութիւնը: Դարձեալ ըստ «Էմ. Թի. Վի.»-ի, անպատասխանատու տարրեր դիտումնաւոր կերպով հրկիզած են հազարաւոր անիւներ` ծախելու համար անոնց պարունակած մետաղիայ նիւթերը:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES