Ճատրակ. Վաղը Տեղի Կ՛Ունենայ Միօրեայ Գարնանային Մրցաշարք Մը

Կազմակերպութեամբ նախկին Խորհրդային Միութեան համալսարանաւարտներու ճատրակի ակումբին, վաղը` կիրակի, 29 ապրիլին, տեղի պիտի ունենայ ճատրակի միօրեայ գարնանային մրցաշարք մը: Անիկա տեղի պիտի ունենայ վերոնշեալ ակումբին մէջ` ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի շրջան: Տեղի պիտի ունենան 8, 10, 12, 14 եւ 16 տարեկանէն վար դասակարգի մրցումներ:

Տեղի պիտի ունենան ընդամէնը 6 հանգրուանի մրցումներ` ըստ զուիցերիական օրէնքին: Իւրաքանչիւր մրցումի տեւողութիւնը պիտի ըլլայ 20 վայրկեան (իւրաքանչիւր ճատրակ խաղացողի համար):

Բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին այս մրցաշարքին մասնակցիլ, իրենց անունները արձանագրելու համար պէտք է հեռաձայնեն հետեւեալ թիւին` 03-771795:

Մասնակցիլ փափաքողները, որոնք պէտք է առաւօտեան ժամը 10:00-ին հոն ներկայ ըլլան, կէսօրուան ճաշի հիւրը պիտի ըլլան կազմակերպիչ ակումբին:

Նշենք, որ մասնակցութեան սակն է 15 հազար լիբանանեան ոսկի, իսկ օրուան գլխաւոր իրաւարարը պիտի ըլլայ Հիւսէյն Համմուտ, որ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին անդամ է:

 

Share this Article
CATEGORIES