Կուարտիոլա Պիտի Լքէ Պարսելոնան
Ռոյթըրզ լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ Պարսելոնայի մարզիչ Փեփ Կուարտիոլա, այս տարեշրջանի աւարտին պիտի լքէ իր ակումբը, որովհետեւ նոր պայմանագրութիւն մը ստորագրելու համամիտ չգտնուեցաւ:
Անոր Պարսելոնայէն հեռացման լուրը պաշտօնապէս փոխանցեց ակումբի նախագահ Սանտրօ Ռոսելի:
Արդէն իսկ ակումբէն հեռացման մասին շշուկները շրջան ընելու սկսան, երբ Պարսելոնա չյաջողեցաւ ապահովել «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի իր տոմսը:
Վերոնշեալ տիտղոսը կորսնցնելէն բացի, Պարսելոնա յոյս չունի նաեւ տիրանալու Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան տիտղոսին, որուն կը փորձէր տիրանալ յաջորդաբար չորրորդ տարին ըլլալով:
Յամենայն դէպս, Պարսելոնայի եւ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին միջազգային նախկին միջնապահը` 41 տարեկան Կուարտիոլա, Քաթալանիոյ խումբին հետ չորս տարեշրջանի ընթացքին տիրացաւ 13 տիտղոսի, ինչ որ կը նկատուի մեծ իրագործում մը:

