Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Շանվիլ Եւ Անիպալ Զահլէ` Յաղթական

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ-ֆորի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Շանվիլ իր կատարած առաջին մրցումին իր դաշտին վրայ յաղթանակ արձանագրեց, երբ 96-76 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սաժես Պէյրութը:

Նշենք, որ իր կատարած առաջին մրցումին, Ռիատի Պէյրութ պարտութիւն մը կրեց Անիպալ Զահլէէն 77-68 արդիւնքով, եւ այդ մէկը` իր դաշտին վրայ:

Ստորեւ շաբաթավերջի մրցումներուն յայտագիրը.

ԱՅՍՕՐ                  ԺԱՄ  ԴԱՇՏ
Անիպալ Զահլէ – Ռիատի Պէյրութ   16:00 Զահլէ

ՎԱՂԸ
Սաժես Պէյրութ – Շանվիլ          18:00 Ղազիր

 

Share this Article
CATEGORIES