Հայաստանի Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Սերժ Սարգսեան Ներկայ Պիտի Ըլլայ Աւարտական Մրցումին

Armsport.am կը յայտնէ, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան ներկայ պիտի ըլլայ Հայաստանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտականի մրցումին, որ իրարու դէմ պիտի հանէ Շիրակը եւ Իմփուլսը:

Կիրակի, 29 ապրիլին, Գիւմրիի քաղաքային մարզադաշտին վրայ տեղի ունենալիք այս մրցումին, նախագահ Սարգսեան յատուկ կերպով չի մեկնիր հոն, այլ որովհետեւ ան նոյն օրը Գիւմրի կը մեկնի խորհրդարանական ընտրութիւններու քարոզարշաւի շրջանակներուն մէջ իր կատարելիք շարք մը հանդիպումներուն պատճառով:

Share this Article
CATEGORIES