Կիրակնօրեայ Խօսքը. «Աշխարհամատրան» Խորհուրդը Կենսաբաշխ…

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ

Սիրելի՛ ընթերցող, 1915-ի Ցեղասպանութեան նահատակներուն խնկելի եւ անթառամ յիշատակին համազգային ոգեկոչման աղօթաբոյր մթնոլորտին մէջ դեռ յածուն, կը գրեմ այս սիւնակը` կեանքով առլցուն եւ կեանքին համար ուղեցոյց…

«Մահ ո՛չ իմացեալ` մա՜հ է: Մահ իմացեա՜լ` անմահութի՛ւն է»: 451-ի Աւարայրի դիւցազներգու Եղիշէ վարդապետին տուած սահմանումին մի՛շտ ճշմարիտ ու յա՜ր այժմէական իմաստութեամբ գօտեպնդուած եւ մեր ապրիլեան վկաներուն մարտիրոսութեան մէջ աւելի քրիստոնեայ-հայացած` կը յանգիմ այս սուրբգրային եզրակացութեան. «Կեանք ո՛չ գիտակցեալ` մա՜հ է: Կեանք գիտակցեա՜լ` յաւերժութի՛ւն է»:

Հայավարի եւ աստուածահաճոյ կեանքին համար գիտակցութիւնը կու գայ հաւատքէն, որուն զուլալ ակնաղբիւրն է Աստուածաշունչը, Ս. Գիրքը` կազմուած Հին կտակարանի 45 եւ Նոր կտակարանի 27 մատեաններէն:

Կիրակի, ապրիլ 22-ին, Նոր կտակարանի չորրորդ գիրքէն` Ս. Յովհաննէսի աւետարանէն կարդացինք այն հատուածը, զոր կը խորագրեմ այսպէս. «Յարուցեալ Տէրը` Յիսուս Քրիստոս կ՛երեւի աշակերտներուն» (Յվհ. 20,19-29):

Ընթերցումի առիթը տուաւ «Յինանց» զատկական շրջանին երրորդ կիրակիին եկեղեցապատմական այս մակագրութիւնը. «Աշխարհամատրան»:

«Աշխարհամատրան» թէ՛ տօնը, թէ՛ անունը զուտ հայկական է: Ուստի, կարեւոր կը համարեմ քանի մը պատմական տուեալներու հայթայթումն` իբրեւ բաղկացուցիչ մասը զարգացած հայու մը ընդհանուր գիտելիքներուն:

Աշխարհամատուռը այն «Վերնատունն» է, ուր Յիսուս կատարեց «Վերջին ընթրիքը», որուն ընթացքին հաստատեց հաղորդութեան ու քահանայութեան սուրբ խորհուրդները:

Այսպէս, աշխարհամատուռը հանդիսացաւ առաջին թէ՛ քարեղէն եկեղեցին ու թէ՛ հոն համախմբուած հոգեղէն եկեղեցին` իբրեւ խորհրդական մարմինը Յիսուս Քրիստոսի, ուր եւ որուն համար Աստուածամարդը` Յաւիտենական Քահանայապետը մատոյց առաջին սուրբ պատարագը:

Ապա աշխարհամատուռը դարձաւ հաւաքավայրը եւ աղօթատեղին առաքեալներուն, աշակերտներուն եւ առաջին քրիստոսական խմբակին համար` յարութեան, համբարձման ու հոգեգալստեան տօներէն մինչեւ Երուսաղէմի կործանումը:

Աշխարհամատրան մէջ Պենտեկոստէին առաքեալներն ընդունեցան Ս. Հոգիին էջքն ու հուրը: Ս. Պետրոս առաքելապետին եւ անոր պաշտօնակիցներուն հրապարակային ու պաշտօնական առաջին քարոզատեղին եղաւ:

Աշխարհամատրան մէջ, 52 տարեթիւին, գումարուեցաւ Ս. Եկեղեցիին առաջին «Առաքելական ժողովը», որմէ գրուեցաւ առաջին «Առաքելական նամակը» (Գ. Առ. 15,1-41):

Վերնատուն-աշխարհամատուռը, որ «վանքն» էր Երուսաղէմի քրիստոնեայ  հասարակութեան (Գ. Առ. 2,42-47 եւ 3,32-36), քանդուեցաւ Ս. Քաղաքին հիմնայատակ կործանումով,  հռոմէացիներէն, 70 թուականին:

Մեծն Կոստանդիանոս կայսրին մայրը` Ս. Հեղինէ, 325-ին գտաւ «Վերնատան» տեղը. անոր վրայ կառուցանել տուաւ «Աշխարհամատրան» եկեղեցին, որ դարերով մնաց ուխտավայրը քրիստոնեաներուն` եկած աշխարհի բոլոր կողմերէն:

Արդ, կը դառնամ կիրակնօրեայ աւետարանին, որ կը պատմէ յարուցեալ Տիրոջ առաջին երկու այցերն իր աշակերտներուն, վերնատան մէջ: Հոս կատարեց չորս տուչութիւններ, որոնք մէկ կողմէ «Վերնատուն»-ը վերածեցին «Աշխարհամատրան», եւ, միւս կողմէ, անոր դէմքերը, դէպքերն ու ճշմարտութիւնները կը զօդեն բոլոր ժամանակներու բոլոր քրիստոնեաներուն հետ:

Աստուածային Վարդապետը իր ունկնդիրներուն, որոնց փոքր հասարակութեան թէ՛  աշխարհագրական նախօրրանին եւ թէ՛ հոգեմտաւոր սաղմին մէջ ներկայ էին բոլոր մկրտեալները, նախ տուաւ իր խաղաղութիւնը, որ առաջնահերթ պայմանն է անհատներու եւ հաւաքականութիւններու անդորրութեան:

Երկրորդ` Յարուցեալը տուաւ առաքելութեան ու քարոզութեան հրահանգը, յատկապէս` իր ընտրածներուն եւ ձեռնադրեալներուն, որոնց գործին, խօսքին ու վկայութեան պէտք ունի մարդկութիւնը:

Երրորդ` Յարուցեալը տուաւ Սուրբ Հոգին` Մխիթարիչը, Լուսաւորողն ու Սրբարարը, որուն մշտատեւ ներկայութիւնը Ս. Եկեղեցիին մէջ երաշխիքն է անոր ճշմարտացիութեան եւ սրբութեան, ինչպէս ալ առաջնորդութիւնը` մեր յաւիտենական փրկութեան:

Չորրորդ` Յարուցեալը տուաւ Ս. Եկեղեցիին մարդերու մեղքերն արձակելու, ներելու եւ կապելու իշխանութիւնը, զոր, սակայն, բիւրաբիւր քրիստոնեաներ կը քամահրեն ի վնաս իրենց անմահական ազատագրումին:

Հուսկ, իր առաջին այցելութեան կատարած այս չորս տուչութիւնները հաստատեց Յիսուս` իր երկրորդ հանդիպումին ընթացքին «Տէր իմ եւ Աստուած իմ» խոստովանած Թովմաս առաքեալէն եւ անոր ընդմէջէն` իր հետեւորդներուն իւրաքանչիւրէն պահանջելով բացարձակ հաւատքը նկատմամբ կենսապարգեւ իր յարութեան ու սիրաբաշխ իր ներկայութեան. «Մի՛ ըլլար թերահաւատ, այլ` հաւատացող» (Յվհ. 20,27):

Յարուցեալ Տիրոջ հետեւորդներուն առաջինն է ու Մայրը` Մարիամ Աստուածածինը, «Մայր հաւատոյ» յորջորջեալ հայ սուրբ հայրերէն, իր Յիսուս որդիին հանդէպ վառ հաւատքով դրսեւորուած ապրելակերպը թող միջնորդէ մեզմէ իւրաքանչիւրին համար, որ` «չկորսուի, այլ ընդունի յաւիտենական կեանքը» (Յվհ. 3,16):

 

Այնճար, 24 ապրիլ  2012

Share this Article
CATEGORIES