Հայկական Տոհմիկ Պարերու Ողջունելի Երեկոյ
Հայ աւետարանական Շամլեան¬Թաթիկեան երկրորդական վարժարանի «Սիփան» պարախումբը շաբաթ, 28` երկու ելոյթով (ցերեկային եւ գիշերային) եւ կիրակի, 29 ապրիլին երեկոյեան ժամը 8:30¬ին արուեստասէրներու, ծնողներուն եւ բարեկամներուն ներկայացուց հայկական տոհմիկ պարերու ողջունելի եւ քաջալերելի երեկոներ` իբրեւ գեղարուեստական ղեկավար եւ պարուսոյց ունենալով Գարինա Ալեքսանդրեանը:
Շուրջ երկու ժամ տեւողութեամբ տարբեր տարիքի 81 տղաք ու աղջիկներ սրահը լեցուցին հայկական շունչով ու ոգիով, հայկական մթնոլորտով, երաժշտութեամբ ու պարով: Հետաքրքրական ու ողջունելի է այն, որ «Սիփան» պարախումբին անդամները ո՛չ միայն ներկայի դպրոցականներն են, այլ նաեւ տարիներէ ի վեր շրջանաւարտներ, որոնք տակաւին կը շարունակեն մնալ պարախումբի անդամ: Այս տարբեր սերունդներու ներկայութիւնը եւս ձեռնարկը յատկանշական կը դարձնէ` թէ՛ տարբեր նիւթերով պարերու ընտրութեան, եւ թէ՛ փորձառութեան եւ հմտութեան ձեռքբերման իմաստով:
Երեկոն սկսաւ Հայոց ցեղասպանութեան 97-ամեակին նուիրուած «Տլէ եաման» երգին համապատասխան ձեւաւորուած պարով, որ բաւական խօսուն ու խորհրդաւոր կերպով ներկայացուեցաւ մեծ աղջիկներուն կողմէ:
Հայերէնով բացման խօսքը արտասանեց եւ ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց Հրակ Աւետանեան, որ յայտնեց, թէ «Սիփան» պարախումբի 81 անդամները նոր եռանդով եւ հայկական մշակոյթին նկատմամբ խոր հաւատքով անգամ մը եւս կը ներկայանան հանրութեան` հրամցնելով տոհմիկ պարերու փունջ մը: Ան դիտել տուաւ, որ հայութեան գոյատեւման իմաստով մեծ դեր ունի մշակոյթը, որովհետեւ անիկա եւս փաստ մըն է այն իրողութեան, որ հայը ո՛չ թէ չի մեռնիր, այլ չի գիտեր մեռնիլ, ծանր ու ուժգին հարուածներէ ետք գիտէ կրկին վերածնիլ, փիւնիկի նման խոյալ եւ կրկին ոտքի կանգնիլ` շարունակելու համար իր երթը: Այս առիթով ան կոչ ուղղեց բոլորին` ամէն ձեւով պահելու իրենց հայկական ինքնութիւնը, կառչելու հայ մշակութային արժէքներուն, որովհետեւ անոնք հայկական գոյութեան հիմնական երաշխիքներէն են:
Շահէ Տեմիրճեան արաբերէնով ողջունեց հիւրերը եւ անդրադարձաւ հայ պարարուեստի կարեւորութեան: Ան անդրադարձաւ նաեւ հայ ժողովուրդի վերածնունդին եւ մշակոյթի մեծ արժէքին:
Ապա յաջորդաբար ներկայացուեցան հետեւեալ խորագիրները կրող երգերուն ու պարերուն համապատասխան պատրաստուած եւ գեղարուեստական ուրոյն ոճով մշակուած ներկայացում¬պարեր. «Մարտիկի երգ», «Իմ անունը Հայաստան է», «Ես իմ անուշ Հայաստանի», «Լիբանանեան տապքէ», «Նարէ», «Շիրակի շարան», «Էրզրումի շորոր», «Վայվայ», «Նուպար», «Քոչարի», «Սայաթ Նովա», «Զով գիշեր», «Կարմիր նուռ», «Քո եարն եմ», «Խորոտ»: Բաւական ճոխ ու խանդավառ էր յայտագիրին վերջին բաժինը, որուն ընդմէջէն պարողները պատրաստուեցան հայկական հարսանիքին, ապա տեղի ունեցաւ հայկական աւանդական տոհմիկ հարսանիք, որ ուրախ տրամադրութիւն փոխանցեց ներկաներուն:
Երեկոյին վերջին պարով բեմ բարձրացան բոլոր պարողները. տարբեր սերունդներու ներկայացուցիչներ միասնաբար թնդացուցին սրահը` իրենց վճռական ոտնահարուածներով բեմէն բարձրացող երաժշտութեամբ:
Փակման խօսքը արտասանեց եւ թէ՛ ներկաներուն, թէ՛ պարուսոյցին, թէ՛ ծնողներուն ու պարողներուն, եւ թէ՛ այս ձեռնարկին յաջողութեան համար ճիգ չխնայած բոլոր անձերուն շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանի տնօրէն Վարդուկ Պալըգճեան: Ան ողջունեց ամբողջութեամբ հայկականութեամբ եւ հայկական մթնոլորտով ու ոգիով պարուրուած յայտագիրի պատրաստութիւնը, նաեւ դիտել տուաւ, որ Հայ աւետարանական Շամլեան Թաթիկեան երկրորդական վարժարանը նման պարախումբի պահպանումով եւ անոր տարած աշխատանքին ճամբով վառ կը պահէ մշակոյթը իւրաքանչիւր աշակերտի սրտին ու մտքին մէջ: Անոր համաձայն, համաշխարհայնացման վտանգներով լի այս ժամանակաշրջանին հայ դպրոցը կոչուած է դէմ կանգնելու հայկականութեան եւ հայ արժէքներուն սպառնացող որեւէ փորձութեան. ան նշեց, որ լոկ տեղեկութիւններ եւ գիտելիքներ փոխանցելով կարելի չէ այս մէկը ընել, այլ կարեւոր է ապրեցնել մշակոյթը, փոխանցել զայն իբրեւ կիրարկուող արուեստ: Այդ իմաստով ան շատ կարեւոր նկատեց «Սիփան»-ի գոյութիւնն ու անոր տարած աշխատանքը:
Երեկոն աւարտեցաւ պատուելի Հրայր Չոլաքեանի աղօթքով:
«Սիփան»¬ը ուրախ, հաճելի եւ հայկական մթնոլորտի մէջ ապրելու առիթ տուաւ ներկաներուն` զանոնք դուրս բերելով իրենց առօրեայէն, օտարացման վտանգներով լի միջավայրէն, եկաւ ըսելու, թէ որքա՛ն գեղեցիկ ու արժէքաւոր է մե՛ր մշակոյթը, մե՛ր պարն ու երաժշտութիւնը:

