10-րդ Տարին Ըլլալով «Մհեր Ջուլհաճեան» Շարադրական Մրցանք

Կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին շաբաթ, 28 ապրիլ 2012-ի առաւօտեան ժամը 9:30-ին, Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճի սրահին մէջ յաջորդաբար 10-րդ տարին ըլլալով տեղի ունեցաւ «Մհեր Ջուլհաճեան» շարադրական մրցանքը` մասնակցութեամբ լիբանանահայ վարժարաններու միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններու աշակերտներուն:

Իւրաքանչիւր բաժինի համար տրամադրուած էր 2 նիւթ, որոնցմէ աշակերտը պիտի զատէր մէկը:

Արդարեւ, մօտաւորապէս 2 ժամ տեւողութեամբ մրցանքի ընթացքին աշակերտները արձանագրեցին իրենց զգացումները, կարծիքները եւ ապրումները` իրենց նախընտրած նիւթին շուրջ:

 

Share this Article
CATEGORIES