Աթլեթիզմ. Կրեթթա Թասլաքեան` Առաջին,Լորի Թաշճեան` Երկրորդ
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին շաբաթ, 28 ապրիլին, Լիբանանի համալսարանին դաշտին վրայ (Հատեթ) տեղի ունեցան լիբանանեան համալսարաններու աթլեթիզմի առաջին հանգրուանի մրցումները, որոնց մասնակցելու իրաւունք ունին նաեւ ակումբներ:
Աղջկանց 100 մեթր վազքի մրցումներուն առաջին հանդիսացաւ Կրեթթա Թասլաքեան, որ արձանագրեց 12″ 30 արդիւնք մը:
Այնպէս կը թուի, որ Թասլաքեան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Լոնտոնի 2012-ի ողիմպիական խաղերուն` իբրեւ Լիբանանէն հիւր մարզիկ:
Ինչ կը վերաբերի աղջկանց 400 մեթր վազքի մրցումներուն, Ճեմարանի աշակերտ եւ Շանվիլ ակումբին մաս կազմող Լորի Թաշճեան հանդիսացաւ 2-րդ` արձանագրելով 1′ 00″ 8 արդիւնք մը:
Ան արձանագրելով այս արդիւնքը բարելաւեց նախապէս այլ առիթներով իր արձանագրած արդիւնքները:
CATEGORIES Մարզական


