Ճատրակի Մրցաշարք` Նախկին Խորհրդային Միութեան Համալսարանաւարտներու Ճատրակի Ակումբին Մէջ Հրայր Գասապեան, Հրակ Լախեան Եւ Լիակ Մարտիրոսեան Առաւելագոյն Կէտերը Ապահովելով Խլեցին Առաջնութիւններ
Կազմակերպութեամբ նախկին Խորհրդային Միութեան համալսարանաւարտներու ճատրակի ակումբին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին, երէկ` կիրակի, 29 ապրիլին, վերոնշեալ ակումբին մէջ (ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի շրջան) տեղի ունեցաւ ճատրակի գարնանային մրցաշարք մը:
Սկզբունքով տեղի պիտի ունենային հինգ դասակարգի մրցումներ, սակայն նկատի ունենալով, որ 16 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ թիւը այդքան ալ շատ չէր, տեղի ունեցան 8, 10, 12 եւ 14 տարեկանէն վար դասակարգի մրցումներ:
Տղոց 8 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ Լիբանանի ախոյեան Հրակ Լախեան (Ճեմարան) առաւելագոյն 6 կէտը ապահովելով տիրացաւ առաջնութեան: Երկրորդ դիրքը 4,5 կէտով գրաւեց Մոհամետ Ժաուիշ, իսկ երրորդ դիրքը գրաւեցին (4-ական կէտով)` Մարք Շարթունի եւ Ատամ Պասսամ:
Աղջկանց 8 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ Լիակ Մարտիրոսեան (ԿԲՎ), առաւելագոյն 5 կէտը ապահովելով հանդիսացաւ առաջին, Ժուտի Անտրաուոս հանդիսացաւ երկրորդ (3,5 կէտ), իսկ Նուր Ֆարհաթ` երրորդ (2,5 կէտ):
Վերջապէս, մրցաշարքին մասնակցող երրորդ հայ աշակերտը` Հրայր Գասապեան (Ճեմարան), առաւելագոյն 7 կէտը ապահովելով խլեց առաջնութիւնը: Անոր ետին երկրորդ դիրքը գրաւեց Ժատ Համտուն (6 կէտ), իսկ երրորդ դիրքը` Մարիօ Շարթունի (5 կէտ):
12 տարեկանէն վար, յաջորդաբար առաջին երեք դիրքերը գրաւեցին Պասիլ Ալլուշ (5 կէտ), Համզա Մրատ (4 կէտ) եւ Ղասսան Իզզէտտին (3 կէտ):
Վերջապէս, 14 տարեկանէն վար յաջորդաբար առաջին երեք դիրքերը գրաւեցին Ռիհամ Սալեհ (5 կէտ), Ապտել-Լաթիֆ Հասան (4 կէտ) եւ Ֆաուզի Քազմա (3 կէտ):
Ինչպէս զգալի է, հայերու մասնակցութիւնը եղաւ ոչ այդքան շատ` նկատի ունենալով, որ կազմակերպիչները ուրբաթ օր միայն տեղեկացուցին այս մրցաշարքին կայացման թուականը:
Սակայն հակառակ ատոր, տեղացի մասնակցողներուն եւ երեք հայերուն միջեւ մրցակցութիւնը եղաւ բաւական սուր: Հայ երեք աշակերտները յաջողեցան իրենք զիրենք պարտադրելով իրենց մրցակիցներուն վրայ, ունենալ բացառիկ ելոյթներ եւ արժանանալով տեղացի մասնակցողներուն ծնողներուն եւ հսկող իրաւարարներուն գնահատանքին, հինգ տիտղոսներէն երեքին տիրացան` բարձր պահելով լիբանանահայութեան անունը:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն:
Այս մրցաշարքին հսկեցին իրաւարարներ` Հիւսէյն Համմուտ, Ալի Ժաուիշ (Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի անդամներ), Հասան Ժունտի եւ Նետիմ Համմուտ:
Շնորհաւորութիւններ հայ երեք տիտղոսակիրներուն` անոնց ծնողներուն եւ վարժարաններուն:




