Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Դարձեալ Պարտուեցաւ
Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի ծիրին մէջ, երէկ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ կրեց իր երրորդ յաջորդական պարտութիւնը` այս անգամ Թաատոտ Մազրաաթ Շուֆէն` 3-1 արդիւնքով: Մրցակից կազմը, որ Ա. կիսախաղին 2-0 արդիւնքով յառաջացաւ, Բ. կիսախաղին նշանակեց կոլ մը եւս, որմէ ետք միայն ՀՄԸՄ նշանակեց իր պատասխան կոլը` շնորհիւ Յակոբ Գուճանեանի:
Կիրակի, 6 մայիսին, ՀՄԸՄ կը կատարէ իր չորրորդ եւ վերջին մրցումը` Դ. դասակարգի ախոյեանութեան գծով:
Ա. հանգրուանին, բաւական տպաւորիչ եւ սքանչելի արդիւնքներ արձանագրած ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ զարմանալիօրէն նահանջելով կորսնցուց իր յոյսերը` Գ. դասակարգ բարձրանալու գծով:
CATEGORIES Մարզական

