Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Անիպալ – Ռիատի` 1-1 Եւ Սաժես – Շանվիլ` 0-2
Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ-ֆորի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Շանվիլ 101-75 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով 2-0 արդիւնքով յառաջացաւ Սաժես Պէյրութի վրայ: Մրցումը տեղի ունեցաւ Ղազիրի մէջ:
Անոնց միջեւ երրորդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ վաղը` երեքշաբթի, 1 մայիսին, երեկոյեան ժամը 18:00-ին, Շանվիլի դաշտին վրայ: Իր երրորդ յաղթանակը արձանագրելու պարագային, Շանվիլ պիտի ապահովէ աւարտականի իր տոմսը` սպասելով Ռիատի Պէյրութ – Անիպալ Զահլէ մրցումին, որ այժմ կ՛ընթանայ 1-1 արդիւնքով:
Անոնց միջեւ երկրորդ մրցումը, որ տեղի ունեցաւ նախանցեալ օր, Զահլէի մէջ, աւարտեցաւ Ռիատիի յաղթանակով` 85-80 արդիւնքով: Երրորդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ այսօր, երեկոյեան ժամը 18:00-ին, Մանարայի մէջ:
CATEGORIES Մարզական

