Երկրորդ Տարին Ըլլալով Կազմակերպուող «Ճիշդ Հնչենք» Իւրայատուկ Յայտագիրի Աւարտական Հանգրուան

Կազմակերպութեամբ «Վանայ ձայն»-ի եւ հովանաւորութեամբ Այնճարի քաղաքապետութեան շաբաթ, 28 ապրիլ 2012-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ճիշդ հնչենք» յայտագիրի աւարտական հանգրուանն ու մրցանակաբաշխութիւնը, որ ուղղակիօրէն ձայնասփռուեցաւ «Վանայ ձայն»-էն:

Երկրորդ տարին ըլլալով կայացող այս յայտագիրը իր բնոյթով իւրայատուկ է ու աննախընթաց: Անիկա յատկանշական է այն իմաստով, որ իր շուրջ կը համախմբէ անխտիր բոլոր հայկական վարժարանները, աշակերտներուն առիթ կու տայ «Վանայ ձայն»-ի երդիքին տակ նոր փորձառութիւն ապրելու, իսկ կարեւորագոյնը` մայրենի լեզւին նկատմամբ սէր, բծախնդրութիւն եւ զայն լաւապէս սորվելու ու ճիշդ գրելու մարտահրաւէր մըն է:

Յայտագիրի հաղորդավար Հուրի Փափազեան-Էմմիեան իր բացման խօսքին մէջ նշեց, որ այս յայտագիրը ձայնասփիւռի կայանի համար պատշաճեցուած հաղորդաշար է, որուն նպատակն է մրցակցութեան առողջ մթնոլորտի մէջ հայ աշակերտին մօտ արթնցնել մայրենի լեզուին նկատմամբ սէր եւ նախանձախնդրութիւն:

Ան դիտել տուաւ, որ այսօր ընդհանրապէս հայագիտական նիւթերու նկատմամբ որոշ վերապահութիւն եւ հետաքրքրութեան պակաս գոյութիւն ունի, որուն պատճառներէն են լատինատառ հայերէնով հաղորդակցելու ձեւը եւ ընթերցանութեան նահանջը:

«Վանայ ձայն»-ը մնալով հաւատարիմ իր առաքելութեան, ճիգ չի խնայեր իր բաժինը բերելու հայեցի կրթութեան, հայոց լեզուի պահպանման ու տարածման մէջ` իր սփռած երգերով եւ հաղորդումներով», ըսաւ Հուրի Փափազեան-Էմմիեան:

Ապա ան բացատրեց խաղին օրէնքները եւ ներկայացուց աւարտական հանգրուան հասած աշակերտները:

6-րդ.- Վահագն Չլտրեան – ՀԲԸՄ Լ. Կ. Նազարեան
Արիանէ Թասլաքեան – Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան
7-րդ.- Նարօտ Սերուժեան – Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան
Սէրլի Տէրտէրեան – Հայ Աւետ. Շամլեան-Թաթիկեան
8-րդ.- Վարդ Զէյթլեան – Յառաջ Գ. Կիւլպենկեան
Սեւանա Պոյաճեան – Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան

Յայտագիրի ընթացքին վերահսկեց Ազգային Քառասնից Մանկանց վարժարանի տնօրէն, լեզուաբան, հայագէտ Յովիկ Պերթիզլեան, որ իր կարծիքը ներկայացնելով յայտագիրին մասին յայտնեց, որ մեր հայեցի դիմագիծի պահպանման եւ առօրեայ պայքարին մաս կազմող ձեռնարկներ բարձր կը գնահատուին` աւելցնելով, որ օգտակար է եւ պէտք է քաջալերել նման ձեռնարկները, որպէսզի նպաստած ըլլանք հայեցի դաստիարակութեան եւ ընդհանուր զարգացման: Պերթիզլեան աւելցուց, որ աշակերտներու թիւին աճը եւ դպրոցներուն մէջ աշակերտներուն խանդավառութիւնը կու գայ ապացուցելու, որ յայտագիրը յաջողած է իր նպատակին մէջ եւ պէտք է շարունակուի:

Աւարտական հանգրուան հասած էին 6 աշակերտներ` 6-րդ, 7-րդ եւ 8-րդ դասարաններէն երկուքական աշակերտներ: Այս տարուան յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերած էին 16 վարժարաններէ 43 աշակերտ:

Իւրաքանչիւր դասարանէ երկու աշակերտներ մրցակցեցան իրարու հետ ճիշդ հնչելով իւրաքանչիւր դասարանի համար պատրաստուած բառերը եւ այդ մրցումին արդիւնքին հիմամբ երեք մրցանակակիրներ ստացան նիւթական պարգեւներ (500,000 լ. ո. իւրաքանչիւրին)` տրամադրուած Այնճարի քաղաքապետութեան կողմէ, իսկ մասնակից աշակերտները բոլորն ալ ստացան նուէրներ` տրամադրուած «Վանայ ձայն»-ի տնօրէնութեան կողմէ:

Մրցանակակիրներն են Արիանէ Թասլաքեան Մ. եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանէն, Նարօտ Սերուժեան Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանէն եւ Վարդ Զէյթլեան Այնճարի Ազգային Յառաջ Գ. Կիւլպենկեան վարժարանէն:

«Վանայ ձայն»-ի տնօրէն Աւետիս Կիտանեան այս առիթով շնորհակալութիւն յայտնեց մասնակից վարժարաններու տնօրէններուն, ուսուցչական կազմին եւ ծնողներուն` խոստանալով շարունակել «Վանայ ձայն»-ի երթը,  մնալով իր առաքելութեան մէջ` տարածելու հարազատ հայ երգն ու երաժշտութիւնը:

Ապա խօսք առաւ Այնճարի քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեան, որ նշեց, թէ իւրաքանչիւր ազգային իրադարձութիւն, տօնախմբութիւն կամ իրագործում ոգեղէն կապ մը կը ստեղծէ Ազգին եւ հայրենիքին միջեւ, եւ երբ այդ կապը ուժեղ է, ազգն ու հայրենիքը ուժեղ են եւ անխորտակ: Այնճարի քաղաքապետը յայտնեց, որ այս յայտագիրին ճամբով եկած ենք հաստատելու, որ մեր ազգին աւանդութեան գլխաւոր երաշխիքը մայրենի լեզուն է եւ վերանորոգելու սփիւռքի դժուար պայմաններուն մէջ անաղարտ հայերէնով արտայայտուելու մեր ուխտը: Ան յանուն Այնճարի քաղաքապետութեան գնահատեց անխտիր բոլոր հայկական վարժարանները, որոնք մասնակցեցան այս յայտագիրին: Ան ողջունեց «Վանայ ձայն»-ին տարած աշխատանքը` նշելով, որ պատահական չէր, որ Այնճարի քաղաքապետութիւնը կը հովանաւորէ այսպիսի ձեռնարկ մը:

Քաղաքապետին խօսքէն ետք յայտագիրի հաղորդավարը շնորհակալութիւն յայտնեց յայտագիրի հովանաւոր Այնճարի քաղաքապետութեան յանձին քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեանի, «Վանայ ձայն»-ի տնօրէնութեան, «Ճիշդ հնչենք» յայտագիրի բոլոր հիւրերուն, Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանի տնօրէն Յովիկ Պերթիզլեանին, «Ազդակ»-ի տնօրէնութեան եւ անձնակազմին, պատկերասփիւռի «Օ. Թի. Վի.» կայանի հայերէն լրատուական բաժինին եւ «Վանայ ձայն»-ի ընտանիքին` բոլորին ունեցած ներդրումին` «Ճիշդ հնչենք» յայտագիրի յաջողութեան մէջ:

Ապա տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը:

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES