Հայոց Ցեղասպանութեան 97-Ամեակի Ոգեկոչում` Ռաուտայի Մէջ. «Իւրաքանչիւր Հայ Իր Հոգիին Մէջ Պէտք Է Կենդանի Պահէ Արարատը» Հաստատեց Րաֆֆի Տեմիրճեան

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Բեկոր» մասնաճիւղին, երէկ` կիրակի, 29 ապրիլ 2012-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ռաուտայի դաշտին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 97-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկ:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգները լսելէ ետք եւ նահատակներուն յիշատակը մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելէ ետք, ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Կասիա Պօղոսեան: Ան ըսաւ, որ հատուցման հանգրուանը կը պահանջէ յանձնառութիւն, անսակարկ նուիրում եւ զոհաբերութիւն: Պօղոսեան նշեց, որ բարձր պէտք է պահել պայքարի եւ պահանջատիրութեան ոգին` մինչեւ ամբողջական յաղթանակ:

Րաֆֆի Տեմիրճեան

Օրուան պատգամը փոխանցեց Րաֆֆի Տեմիրճեան, որ նշեց, թէ ապրիլ 24-ը նահատակներուն հաշուետուութիւն ներկայացնելու եւ միամեայ գործունէութիւնը արժեւորելու օրն է: Տեմիրճեան շեշտեց, որ ցեղասպան Թուրքիան պէտք է պատժուի նախ հայութեան իրաւունքները վերադարձնելու համար եւ երկրորդ` այլ ցեղասպանութիւններ կանխարգիլելու համար:

Բանախօսը ըսաւ, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին պէտք է ամբողջովին պատրաստուիլ նոր մարտահրաւէրներուն` ճանաչումէն անցնելու հատուցման հանգրուանին: Րաֆֆի Տեմիրճեան աւելցուց, որ Ցեղասպանութիւնը քննարկելիք նիւթ չէ ո՛չ պատմաբաններու եւ ո՛չ հասարակութեան կողմէ, քանի որ բացարձակ իրականութիւն է պատահածը եւ քննարկումը նոյնինքն արդէն կասկածի տակ կը դնէ հարցը:

Ան նշեց, որ Արեւմտահայաստանը Թուրքիա չէ, եւ այս գծով պէտք չէ ոեւէ մէկ տեղ քարտէսներու վրայ այս հողը արձանագրել թրքական քարտէսին վրայ` Թուրքիոյ սահմաններուն մէջ: Բանախօսը ըսաւ, որ Պոլսոյ «Ակօս» թերթի խմբագիր Հրանդ Տինքին սպանութիւնը նորագոյն ապացոյցն է` շեշտելու համար, որ ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի:

Տեմիրճեան ընդգծեց, որ հայ երիտասարդութիւնն ու ի մասնաւորի դաշնակցական երիտասարդութիւնը Հայ դատի պայքարին մէջ ունի իր կարեւոր դերակատարութիւնը: Իր խօսքը եզրակացնելով` բանախօսը ըսաւ. «Երիտասարդութիւնը պէտք է իր հոգիներուն մէջ կենդանի պահէ Արարատը. պէտք է հաւատայ, որ ինք վաղը Արարատին պիտի հասնի. պէտք է հաւատայ, որ հայութիւնը հաւաքաբար պիտի կերտէ իր տեսլականը` ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանը»:

Հանդիսութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ կոկիկ գեղարուեստական յայտագիր մը, որուն ընթացքին Ազգային Սուրէն Խանամիրեան վարժարանի աշակերտները ներկայացուցին երգեր եւ ասմունքներ: Ձեռնարկին նաեւ ցուցադրուեցաւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի քարոզչական յանձնախումբին պատրաստած Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած տեսերիզը:

Աւարտին, ԼԵՄ-ականները ներկայացուցին բուրգ մը, որմէ ետք խօսք առաւ Սեւակ քհնյ. Վասիլեան, որ նշեց, թէ հայութիւնը պէտք է շարունակէ պահանջել իր իրաւունքները` արդարութեան ի խնդիր: Պահպանիչէն ետք ոգեկոչման ձեռնարկը փակուեցաւ «Սարդարապատ» յաղթերգով:

 

Share this Article
CATEGORIES