Կազմակերպութեամբ Ժիպէյլի Հայ Կեդրոնին Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերուն Յիշատակին Քայլարշաւ Եւ Հրապարակային Ձեռնարկ
Կազմակերպութեամբ Ժիպէյլի Հայ կեդրոնին երէկ` կիրակի, 29 ապրիլ 2012-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակին նուիրուած քայլարշաւ մը, որուն յաջորդեց հրապարակային ձեռնարկ: Արդարեւ, շրջանի հայութիւնը նուագակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին «Թռչնոց բոյն»-ի մօտ գտնուող գերեզմանատան մէջ ծաղկեպսակ զետեղեց հայ որբերու գերեզմաններուն, ուր հոգեհանգստեան աղօթք կատարուեցաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի եւ Լեռնալիբանանի ասորի ուղղափառներու առաջնորդ Ժորժ Սալիպա եպիսկոպոսին կողմէ, ապա` ուղղուելով «Թռչնոց բոյն» ծաղկեպսակ զետեղուեցաւ Մարի Ճէյքըպսընի գերեզմանին վրայ: Այնուհետեւ քայլարշաւը ուղղուեցաւ դէպի «Հաուաթ» նորակառոյց կառատուն, ուր տեղի ունեցաւ ոգեկոչման ձեռնարկ:
Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք օրուան հանդիսավար Հալա Հատտատ արտասանեց ձեռնարկի խօսքը` յայտնելով, որ արդարութիւնը որքան ալ կոյր ըլլայ, պատմութիւնը որքան ալ անարդար ըլլայ, դատերը չեն մեռնիր, այնքան ատեն որ կենդանի ժողովուրդներ գոյութիւն ունին: Ան նշեց, որ այստեղ հաւաքուած ենք միասնաբար անարդարութեան «ոչ», իսկ արդարութեան «այո» ըսելու, իրաւունքներու ոտնահարման «ոչ», իսկ ժողովուրդներու ազատութեան «այո», ճնշումէն «ոչ», իսկ ճանաչումին եւ ներման հայցումին «այո» ըսելու:
Ապա ան բեմ հրաւիրեց տոքթ. Յակոբ Կարապետեանը: Վերջինս Հայոց ցեղասպանութեան պատմական ակնարկ մը նետելէ ետք յայտնեց, որ իրենք «Թռչնոց բոյն»-ի մէջ թանգարան մը կառուցելու աշխատելու մէջ են` յաւերժացնելու համար այդտեղ հասակ նետած որբերուն եւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը: Կարապետեան Թուրքիան հրաւիրեց քաջութիւնը ունենալու Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու եւ հայ ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ պատմութեան մէջ թրքական տիրապետութեան տակ տառապած ժողովուրդներէն ներում հայցելու:
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի իր խօսքին մէջ շեշտը դրաւ երեք կէտերու վրայ:
Առաջին.- ան նշեց, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը ամբողջական իմաստով մարդկութեան դէմ ոճիր մըն է, որ գործուած է կանխամտածուած եւ կուսակցական ու կառավարական որոշումով, ինչպէս նաեւ գործադրուած չափազանց ճշգրտութեամբ:
Երկրորդ.- ան յայտնեց, որ այդ ոճիրը մինչեւ օրս շարունակուող ոճիր մըն է, որովհետեւ սպանդի, աքսորի, բռնի կրօնափոխութեան, բռնագրաւած հողին ինքնութեան այլափոխման եւ հայկական սփիւռքի ստեղծման ազդակները կը փաստեն, որ ոճիրը տակաւին կը շարունակուի եւ պիտի շարունակուի, մինչեւ որ թրքական ներկայ պետութիւնը ճանչնայ ոճիրը, ներում հայցէ եւ նիւթական, բարոյական փոխհատուցում կատարէ, ինչպէս նաեւ բռնագրաւուած հողերը վերադարձնէ հայ ժողովուրդին:
Երրորդ.- Վերոնշեալ քայլերուն դիմելու Թուրքիոյ պատասխանատուութիւնը կասկածի առարկայ չի կրնար ըլլալ: Բագրատունի ըսաւ, որ իշխանութիւնը օսմանեան սուլթանէն, երիտասարդ թուրքերէն, Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքէն, իրերայաջորդ կառավարութիւններէն մինչեւ Կիւլ, Էրտողան եւ Տաւութօղլու հասնող շարունակականութիւն է: Ան ըսաւ, որ իրաւական սկզբունքը յստակ է` իրաւունքը անիրաւութեան վրայ չի կրնար հիմնուիլ:
Իր խօսքի աւարտին երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի յայտնեց, որ մենք` իբրեւ լիբանանցի քաղաքացիներ, պատիւ կը զգանք 2000-ին լիբանանեան խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչմամբ, սակայն ցաւ ի սիրտ կը յայտնենք, որ ձանձրացած ենք պատահական կեցուածքներէն եւ գովասանքի արտայայտութիւններէն, անուշ խօսքերէն: Գովաբանական խօսքերը մեր զգացումները կը շոյեն, սակայն քաղաքական կեցուածքներ չեն. մենք այս հայրենիքին մէջ գործընկերներ ենք եւ իրաւունք ունինք պահանջելու մեր նահատակներուն եւ դատին նկատմամբ յարգանք, այնպէս ինչպէս մենք կը յարգենք բոլոր համայնքներէն Լիբանանի համար զոհուած բոլոր նահատակները:
Լեռնալիբանանի եւ Թրիփոլիի ասորի ուղղափառներու համայնքի առաջնորդ Ժորժ Սալիպա եպիսկոպոս իր կարգին խօսք առնելով յայտնեց, որ այսօր մենք կը նշենք Թուրքիոյ կողմէ գործուած Ցեղասպանութիւնը ընդդէմ այն ազգերուն, որոնք կ՛ապրէին օսմանեան տիրապետութեան տակ` հայերու, ասորիներու, քաղդէացիներու եւ յոյներու` շեշտելով, որ Թուրքիա օգտագործեց իր կրօնը եւ սպաննեց հայերը, պարզապէս որովհետեւ տարբեր կրօնի կը պատկանէին:
Ժորժ Սալիպա եպիսկոպոսը յայտնեց, որ ցեղասպանութիւններ շատ եղած են պատմութեան ընթացքին եւ քրիստոնեաները կը յիշեն Յիսուսի այն խօսքը, որուն մէջ կը նշէր, թէ իրեն հետեւողները իբրեւ ոչխարներ կ՛ուղարկէ գայլերու մէջ, իսկ իր հետեւորդները կը խրատէր ըլլալ անմեղ, սակայն խորամանկ:
Խօսելով Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած Ցեղասպանութեան դրդապատճառներուն մասին` Սալիպա եպիսկոպոս յիշեց 3 ազդակներ` կրօնը, համաթուրանական ծրագիրը եւ այլատեացութիւնը` հաստատելով, որ Աստուած ամենատես է եւ անպայման կը հատուցէ:
Ժորժ Սալիպա եպիսկոպոսի խօսքէն ետք ներկաները դիտեցին Ցեղասպանութեան մասին տեսերիզ մը, որմէ ետք Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան խօսք առնելով ներկաներուն ըսաւ, որ հակառակ տարբեր ուղղուածութեանց եւ տեսակէտներու, ցաւը մեզ կը միաւորէ: Մենք ոճրագործներէն մարդկութեան դէմ իրենց գործած անարդարութեանց խոստովանութիւնը չենք ուզեր, որովհետեւ չկայ ոճրագործ մը, որ ներում կը հայցէ: Սրբազանը դիտել տուաւ, որ մեր մէկուկէս միլիոն նահատակները, որոնց վրայ աւելցաւ նաեւ Հրանդ Տինք, այն ջահերն են, որոնք պատճառ կը դառնան, որ կոյրը տեսնէ այն, ինչ որ մեր բռնագրաւուած հողերուն վրայ տեղի ունեցաւ: Ան իր խօսքը փակեց ըսելով, որ պիտի շարունակենք անիրաւողները զարհուրեցնել, իսկ աշխարհի ղեկավարները պէտք է Ցեղասպանութիւնը ճանչնան:
Ձեռնարկը փակուեցաւ «Սարդարապատ» յաղթերգով:


