Պէյրութի Քափուսեններու Եկեղեցւոյ Մէջ. «Հայոց Ցեղասպանութեան Լուսաբանումը Արտասահմանեան Մամուլի Առաջին Էջերուն» Նիւթով Ցուցահանդէսի Բացում Եւ Համերգ
Կազմակերպութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին, գործակցութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան Երեւանի պետական թանգարան-հիմնարկին եւ աջակցութեամբ Պէյրութի քաղաքապետութեան շաբաթ, 28 ապրիլի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Քափուսեններու եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Հայոց ցեղասպանութեան լուսաբանումը արտասահմանեան մամուլի առաջին էջերուն» նիւթով ցուցահանդէսի բացումը:
Ներկայ էին լիբանանահայ յարանուանութիւններու հոգեւոր առաջնորդները, գաղութի պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ հոծ բազմութիւն մը:
Եկեղեցւոյ չորս դին ցուցադրուած էին մեծ չափի պաստառներ, որոնց մէջ կ՛արտացոլար թրքական պետութեան ինքնութիւնը եւ գործած աններելի եւ անժխտելի արարքը` Ցեղասպանութիւնը: Շուրջ 50 պաստառները կը ներկայացնէին յատկապէս հայութեան դէմ կիրարկուած համիտեան ջարդերուն մասին օրուան ֆրանսական, իտալական, գերմանական, անգլիական եւ ռուսական ամենանշանաւոր մամուլի կատարած լրագրական տեղեկագրումներն ու լուսանկարները:
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին անունով արաբերէնով եւ հայերէնով խօսք առաւ Ահարոն Շխրտըմեան: Ան նկատել տուաւ, որ ամեակներուն սպասելու կարիք չունինք` մեր վերաբերումը ճշդելու, իմաստաւորելու եւ արժեւորելու համար` աւելցնելով, որ հայ ժողովուրդը նոր արթնութեամբ, գիտակցական առողջ ինքնապրկումով, անցեալի դէպքերուն լուսաւոր վերարժեւորումով եւ ազգային հեռանկարներուն ձգտելու հզօր կամքով` իր հաւաքական կեանքի բոլոր մակարդակներուն վրայ սկսած է զօրացող եւ թարմացող հաւատարմութեամբ մը նախապատրաստուիլ ապրիլեան նահատակներու 100-ամեակին: «Մեր դարաւոր թշնամին` Թուրքիան, իր միջազգային` դիւանագիտական յարաբերութիւններով եւ այլ միջոցներով ոչինչ կը խնայէ ծածկելու հայ ժողովուրդի ոչնչացման` Ցեղասպանութեան իր ոճրային արարքը, որ ծրագրեալ քաղաքականութեան մը ծնունդ էր», հաստատեց Ա. Շխրտըմեան` աւելցնելով, որ այս պայմաններուն մէջ դժուար պիտի ըլլայ միջազգային ատեաններուն` արդար իրաւունքի պահանջի ազդու հանգամանքի մէջ դնել մեր ժողովուրդին իրաւունքներու հարցը: Ան շեշտեց, որ հայութիւնը պիտի մնայ իրապաշտ եւ միասնակամ. հայեր կրնան նահատակուիլ, բայց հայութիւնը չի մեռնիր: «Մենք պիտի ամրանանք մեր եկեղեցիով, մեր լեզուով, մեր հայրենիքով եւ մեր դատով», ըսաւ Շխրտըմեան: Եզրափակելով իր խօսքը` ան բացատրեց, որ սոյն ցուցահանդէսը երկու տարբեր մշակոյթներ արժեւորելու առիթ մըն է` ա) հայկական մշակոյթը եւ բ) թրքական մշակոյթը:
Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբը` ղեկավարութեամբ Թորգոմ վրդ. Տօնոյեանի եւ «Կռունկ» երգչախումբը` խմբավարութեամբ դոկտ. Եդուարդ Թորիկեանի: Երկու երգչախումբերն ալ մեկնաբանեցին երգերու փունջ մը: Նուագով ելոյթ ունեցան Իզապէլ Գայայեան` դաշնակ, Զաքար Քէշիշեան` շուի եւ Թամար Յովհաննիսեան` դաշնակ, Աշոտ եւ Արմէն Ճենտերեճեաններ` ջութակ:
Եզրափակիչ խօսքը հայերէնով եւ արաբերէնով փոխանցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան: Ան նկատել տուաւ, որ Ցեղասպանութենէն 97 տարի ետք հայ ժողովուրդը հետզհետէ աւելի ուժեղ թափ ստացող վճռակամութեամբ կը յառաջանայ իր արդար իրաւունքներու ձեռքբերման ճամբէն: «Հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքը վառ կը մնայ եւ պէտք է մնայ մեր ժողովուրդի յիշողութեան մէջ, որ ծայր առաւ Ցեղասպանութենէն վերապրողներու կեանքին մէջ, փոխանցուեցաւ անոնց զաւակներուն, եւ այս հաւաքական յիշողութիւնը պէտք է փոխանցուի սերունդէ սերունդ», շեշտեց առաջնորդ սրբազանը` աւելցնելով, որ մեր պարտականութիւնն է այդ յիշողութիւնը պահել, որովհետեւ այդ յիշողութիւնը մեզի ժառանգ ձգուած սրբազան կտակ մըն է, զոր պէտք է փոխանցենք յաջորդող սերունդներուն: «Մեր ճամբան կը շարունակուի այն հաստատ հաւատքով, որ ճշմարտութիւնը անպայման ի վերջոյ յաղթական պիտի ըլլայ, մենք պիտի կարենանք արդարացնել մեր պայքարը եւ վերադարձնել նահատակներուն իրաւունքը», եզրափակեց Գեղամ արք. Խաչերեան:
Նշենք, որ ցուցահանդէսը բաց էր երէկ` կիրակի, 29 ապրիլին, ինչպէս նաեւ բաց է այսօր` երկուշաբթի, 30 ապրիլին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 5:00:
Երէկ, սուրբ պատարագին ներկայ եղած ժողովուրդը առիթը ունեցաւ ծանօթանալու Հայոց ցեղասպանութեան անժխտելիութիւնը հաստատող արխիւային նիւթերուն:








