Սինկ Սուրիոյ Մէջ Ամէն Տեսակի Եւ Բոլոր Կողմերէն Գործուող Բռնարարքներուն Ամբողջական Դադրեցման Կարեւորութիւնը Կը Շեշտէ
Սուրիոյ մէջ միջազգային դէտերու բանբեր Նիրաժ Սինկ երկրին մէջ ամէն տեսակի եւ բոլոր կողմերէ գործուող բռնարարքներու ամբողջական դադրեցման կարեւորութիւնը շեշտեց` նշելով, որ այդ հարցը ՄԱԿ-ի համար առաջնահերթութիւն մըն է: Ան ըսաւ, որ խմբակը Սուրիոյ մէջ կացութեան վերաբերեալ իր դիտողութիւնները կը յղէ ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անանի:
Սինկ յայտնեց, որ դէտերը կը շարունակեն աշխատանքները Հոմսի, Տարաայի, Իտլիպի եւ իրենց գտնուած շրջաններուն մէջ:
Մինչ Սուրիոյ մէջ միջազգային դէտերու առաքելութեան ղեկավար Ռոպըրթ Մոտ երէկ կը հասնէր Սուրիա, ամերիկեան ազդեցիկ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը կը գրէր, որ «դէտերը Սուրիոյ մէջ ոչինչ իրագործեցին»: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վիքթորիա Նուլընտ իր կարգին վերջերս յայտնած էր, որ Անանի ծրագիրը «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի կողմէ այդ վեց կէտերէ բաղկացած փաստաթուղթին վերաբերեալ իր յանձնառութիւնները չյարգելուն պատճառով չյաջողեցաւ»: Ան նաեւ յայտարարած էր, որ Միացեալ Նահանգներ Սուրիոյ մէջ դէտերու առաքելութեան պիտի չմասնակցին:
Թրքական պաշտօնական աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Անգարա սուրիական թղթածրարին նկատմամբ մարդասիրական ու քաղաքական մօտեցում կը ցուցաբերէ եւ զինեալ խմբաւորումներ զինելով կամ մարզելով սուրիական հողամասեր չ՛ուղարկեր:
Թրքական լաւատեղեակ աղբիւրներ «Ուաթան» օրաթերթին յայտնեցին, որ Անգարայի մէջ պետական շրջանակներու մէջ լուրջ մտավախութիւն գոյութիւն ունի, որ Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքիի կողմէ ուղղակի կերպով անոր խորհրդականներուն կամ մօտիկ անձնաւորութիւններու ճամբով թրքական կառավարութեան դէմ յարձակումը կ՛իյնայ ծիրին մէջ իրանեան ղեկավարութեան հետ համաձայնութեան մը, որուն հիմնական թիրախը Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանն է, «որ Սուրիոյ մէջ Ասատի վարչակարգը տապալելու ձգտող յստակ եւ ազդու քաղաքականութիւն մը կը վարէ, բան մը, որ Թեհրան իսլամական հանրապետութիւնը թիրախ դարձնող արեւմտեան ծրագիրին ծիրին մէջ եղող փորձ մը կը նկատէ»:


