Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նեժիպ Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներ «Մուսթաքպալ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Լիբանանի կողմէ Սուրիոյ իրադարձութիւններուն նկատմամբ որդեգրուած չէզոք կեցուածքը Եւրոպայի ողջոյնին արժանացած է:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն նշեց, որ ներկայ փորձառութիւնը չի քաջալերեր, որ դարձեալ համախոհական նախագահ մը ընտրուի:

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան խստիւ դատապարտեց Դամասկոսի մէջ աղօթողները թիրախ դարձնելու փորձը եւ սուրիական ընդդիմութենէն պահանջեց յանձնառու մնալ իմաստուն կեցուածքին եւ վերջ տալ բռնարարքներուն ու վայրագութեան:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի կողմէ 8,900 միլիառ լ. ոսկիի գումարը պարփակող ծրագիրը վաւերացնելու մերժումը կը նշանակէ հանրապետութեան նախագահին տրուած իրաւասութիւնները մերժել եւ դիւրացնել այդ դիրքը տկարացնելու փորձերը:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Մարուան Շարպել ընդգծեց նախարարութիւններուն եւ քաղաքապետութիւններուն միջեւ տեղեկութիւններ եւ փորձառութիւններ փոխանակելու անհրաժեշտութիւնը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի անդամ, երեսփոխան Հատի Հպէյշ յայտնեց, որ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն կողմէ խորհրդարանական հետաքննութեան յանձնախումբ մը յառաջացնելու պահանջը ուշացած է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի յայտնեց, որ 2013-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն արձանագրուելիք պայքարը նուազ կարեւոր չէ, քան 2009-ինը, եւ նկատել տուաւ, որ այլապէս` 7 մայիսի պայմանները պիտի ամրագրուին: Ան աւելցուցած էր նաեւ, որ Լիբանանի կառավարութիւնը սուրիական վարչակարգին խարիսխը կը նկատուի:

ՊԱԱՍ կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Շաքեր Քաուաս յայտնեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրիի կատարած յայտարարութիւնները արդիւնք են Սուրիոյ եւ Դիմադրութեան դէմ գործուած դաւադրութիւններուն իմաստով ծագած վախին:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահին կողմէ 8,900 միլիառ լ. ոսկի գումարին վաւերացումը մերժելու կեցուածքը քաղաքական պատճառներ ունի:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր յայտնեց, որ Թրիփոլիի բնակիչները երբեք մեղսակից չեն զէնքի մաքսանենգումին եւ Սուրիոյ մէջ արձանագրուած ապահովական զարգացումներուն:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Թալալ Մերեհպի կոչ ուղղեց մշակելու ընտրական նոր օրէնք մը` շեշտելով, որ անհրաժեշտ է հիւսիսային Լիբանանի մէջ` յաւելեալ գրգռութիւններ չհրահրել:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Ուալիտ Պարաքաթ ողջունեց լիբանանեան բանակն ու ապահովական ուժերը` զէնքերով բեռնաւորուած նաւ մը գտնելնուն եւ զայն գրաւելնուն առիթով:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայեատ յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը ելեւմտական եւ ընտրական թղթածրարներուն առումով շանթաժի կ՛ենթարկուի: Ան կոչ ուղղեց նաեւ կազմելու խորհրդարանական հետաքննական յանձնախումբ մը, որպէսզի կարելի ըլլայ վերջ մը դնել շրջանցումի քաղաքականութիւններուն:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ալի Խրէյս շեշտեց, որ իրենք անշեղ պիտի մնան Դիմադրութեան սկզբունքներէն, լիբանանեան ազգային միասնականութենէն եւ ընտրական արդի օրէնքէն, որ հիմնուած է համամասնական դրութիւնը պահպանելու վրայ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն կը փափաքի երկրին իշխանութեան տիրել` լիբանանցի երիտասարդներուն պետական հաստատութեանց վարչական բաժանմունքներուն մէջ պաշտօններ տալու  ընդմէջէն: Ան շեշտեց, որ Պքերքէի հետ իրենց յարաբերութիւնները լաւ են եւ չեն խզուած:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Մուսթաֆա Ալլուշ յայտնեց, որ փորձանքներէն հեռու մնալու  միակ միջոցը այն է, որ նորահաս սերունդները կառչած մնան գիտութեան զէնքին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի փոխնախագահ, նախկին երեսփոխան Անթուան Անտրաուոս յայտնեց, որ համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնք մը մշակելու վարկածը արմատական կերպով վերջ գտած է` առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլի եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի քաղաքական հարցերու օգնական Հիւսէյն Խալիլի ու Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի միջեւ հանդիպումէն ետք:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան քաղաքական յարաբերութեանց պատասխանատու Ռիֆաաթ Իտ շեշտեց, որ հիւսիսային Լիբանանի մէջ Քայիտան գոյութիւն ունի` աւելցնելով, որ հիւսիսային Լիբանանը վերածուած է «Թորա Պորա 2»-ի:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Ֆուատ Սինիորայի մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ Սինիորայի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի միջեւ հանդիպումը կեդրոնացած է Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն շարքերը ամրապնդելու հեռանկարներուն քննարկման վրայ: Նշենք, որ հանդիպումը տեղի ունեցաւ Մաարապի մէջ եւ տեւեց երկու ժամ:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Մերձաւոր Արեւելքի հարցերու օգնական Տէյվիտ Ֆելթման յառաջիկայ օրերուն պիտի այցելէ Լիբանան, ուր պիտի քննարկէ Սուրիոյ տագնապին ու 2013-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերող հարցեր:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES