Ուահապ. «Պայթումը Առանց Քաղաքական Եւ Դատական Հաշուետուութեան Պիտի Չանցնի»
Թաուհիտ հոսանքի նախագահ Ուիամ Ուահապ երէկ Շուֆի մէջ ընդունեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն նախագահեց Ղասսան Աթալլա:
Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ փոխադարձ գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը:
Անդրադառնալով Թաուհիտ հոսանքի կեդրոնին մօտ տեղի ունեցած պայթումին` Ուահապ յայտնեց, որ ահաբեկչութիւնը կը զօրացնէ մարդ անհատները` աւելցնելով, որ Թաուհիտ հոսանքը միայն քարաշէն կեդրոն մը չէ, այլեւ` գաղափարախօսութիւն մըն է, որ ժողովուրդին ուղեղներուն մէջ ամրացած է:
Ուահապ մաղթեց, որ երկրին ապահովական ուժերը աւելի լրջութեամբ վարուին պայթումին թղթածրարին հետ` նշելով միաժամանակ, որ այդ պայթումին հարցը կարելի պիտի չըլլայ փակել առանց քաղաքական եւ դատական հաշուետուութեան:
CATEGORIES Լիբանանեան


