«Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Պիտի Կատարուին Ճշգրիտ Թուականին» Շեշտեց Վարչապետ Միքաթի

Վարչապետ Միքաթի` լրագրողներուն հետ զրոյցի պահուն

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի շաբաթավերջին զրոյց մը ունեցաւ այն լրագրողներուն հետ, որոնք իրեն ընկերակցած էին Պելճիքա կատարած իր պաշտօնական այցելութեան ընթացքին:

Վարչապետ Միքաթի հաստատեց, որ պետական պաշտօնեաները իրենց ամսական թոշակները պիտի ստանան` աւելցնելով, որ նախարարաց խորհուրդը այս իմաստով ելեւմուտքի նախարարէն խնդրած է ամէն ջանք ի գործ դնել:

Վարչապետ Միքաթի ընդգծեց նաեւ, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին իրենց ճշգրիտ թուականին եւ ըստ ընտրական այն օրէնքին, որ պիտի վաւերացուի խորհրդարանին կողմէ:

Վարչապետը շեշտեց, որ ինք կը զօրակցի Լիբանանին իր կայունութիւնը վերադարձնելու գաղափարին` աւելցնելով, որ Լիբանան հասնող սուրիացի գաղթականներուն թղթածրարը պէտք չէ սպառնայ երկրին ապահովութեան: «Լիբանանի անվտանգութիւնն ու գերիշխանութիւնը առաջնահերթութիւններ են, որոնցմէ կարելի չէ հրաժարիլ», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով Լիբանանի մէջ տեղի ունեցող ցոյցերուն եւ արձանագրուող ժողովրդային ու աշխատաւորական պահանջներուն` վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ նման պահանջներով եւ մագլցողական քայլերու դիմելով երկրին ապահովութիւնը կը խախտի, եւ այդ մէկը ոչ մէկ ձեւով կը լուծէ աշխատաւորներուն պահանջները:

Միւս կողմէ, եւրոպացի պատասխանատուներուն հետ իր ունեցած հանդիպումներուն մասին հարցումի մը պատասխանելով Միքաթի յայտնեց, որ բոլորը կը գնահատեն Լիբանանի որդեգրած արտաքին քաղաքականութիւնը, յատկապէս Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ անոր չէզոք կեցուածքը:

Վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ Լիբանան ունի կարգ մը առաջնահերթութիւններ, որոնք պէտք է նկատի ունենալ, եւ այդ առաջնահերթութիւններուն մաս կը կազմեն Լիբանանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ յարաբերութիւններուն ամրապնդումը:

 

Share this Article
CATEGORIES