«2013-Ի Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Անկիւնադարձային Պիտի Ըլլան» Շեշտեց Ժահժահ

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ շեշտեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու` լիբանանեան իշխանամէտ ուժերուն հետ յարաբերութիւնները շատ լարուած են` աւելցնելով, որ իշխանամէտ քաղաքական ուժերը կը վստահին սեւազգեստներուն եւ սեւ հոգիներուն ու չարամիտներուն` պահպանելու համար իրենց իշխանութիւնը Լիբանանի մէջ:

Ժահժահ այս յայտարարութիւնները կատարեց պատկերասփռուած ճառի մը ընդմէջէն, որ ներկայացուեցաւ Աւստրալիոյ մէջ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան կազմակերպած տարեկան ճաշկերոյթին:

«Մեր հակառակորդ քաղաքական ուժերը մեզի հետ մնայուն լարուածութեան մէջ են, իսկ 2013-ի երեսփոխանական ընտրութիւնները անկիւնադարձային պիտի ըլլան», ըսաւ Ժահժահ` նկատել տալով, որ 2013-ի ընտրութիւնները առիթ պիտի ընծայեն Լիբանանի գարունը վերադարձնելու:

 

Share this Article
CATEGORIES