Ռայի Պատրիարքը Կը Շեշտէ Լիբանանի Չէզոք Մնալուն Անհրաժեշտութիւնը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը իր կատարած հովուապետական այցելութիւններուն շրջագիծին մէջ հասաւ Մեքսիքա:

Կուատալախարայի մէջ իր մատուցած պատարագին ընթացքին Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ Լիբանան ունի համաշխարհային պատգամ մը, զոր պէտք է պահպանէ եւ վերածուի քաղաքացիական այն պետութեան, որ ժողովրդավարութիւն եւ ազատութիւն կը վայելէ:

Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ Լիբանան պէտք է մնայ չէզոք եւ երբեք մաս չկազմէ այս կամ այն առանցքին:

 

Share this Article
CATEGORIES