Համասի Կառավարութեան Ներքին Գործոց Նախարարը Այցելեց Այն Թինէ
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Համասի կառավարութեան ներքին գործոց նախարար Ֆաթհի Համատը` ներկայութեամբ Ամալ շարժումի պատասխանատուներուն:
Հանդիպումէն ետք Համատ յայտնեց, որ Պըրրիի հետ հանդիպումը շատ դրական էր, շինիչ եւ ջերմ: Ան յայտնեց, որ իրենք խորհրդակցած են պաղեստինեան հարցին վերաբերող որոշ թղթածրարներու մասին` ընդգծելով պաղեստինցի գաղթականներուն տունդարձի իրաւունքը:
Համատ յայտնեց, որ Պըրրիի հետ քննարկած են նաեւ միջպաղեստինեան հաշտութիւնն ու գետնի վրայ այդ հաշտութիւնը յաջողեցնելու կարելիութիւնը:
Պըրրի ընդունեց նաեւ Մուրապիթուն շարժումի ղեկավար խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մուսթաֆա Համտանը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Համտան կոչ ուղղեց Լիբանանը չվերածելու այնպիսի ամպիոնի մը, ուրկէ կը յայտարարուին քաղաքական պատերազմներ, որոնք Լիբանանի ազգային շահերուն չեն ծառայեր:
Այն Թինէի այցելուներէն եղաւ նաեւ Երկխօսութիւն կուսակցութեան նախագահ Ֆուատ Մախզումի:
Նշենք, որ Պըրրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ եւ անոր ցաւակցութիւն յայտնեց տիւրզի համայնքի գերագոյն հոգեւոր հեղինակութիւն շէյխ Ապու Մոհամետ Ժաուատ Ուալիէտտինի վախճանումին առիթով:


