Նախագահ Սլէյման Ողջունեց Զէնք Փոխադրող Նաւուն Գրաւումը

Բանակին կողմէ գրաւուած զէնք փոխադրող նաւը` Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման դրուատեց լիբանանեան բանակին կողմէ զէնք եւ զինամթերք փոխադրող նաւուն գրաւումը` շեշտելով, որ այդ քայլը կ՛ամրապնդէ լիբանանեան ներքին կայունութիւնը եւ ազգային անվտանգութիւնը:

Նախագահ Սլէյման հաստատեց, որ այդ նաւը գրաւելով լիբանանեան պետութիւնը փաստած կ՛ըլլայ, որ ինք չի փափաքիր Լիբանանը վերածել այլոց տագնապներուն կռուադաշտին եւ կը մերժէ վճարել այլոց կռիւներուն գինը:

Նախագահ Սլէյման ընդգծեց, որ բանակն ու ներքին ապահովութեան ուժերը պէտք է կազմ ու պատրաստ մնան եւ արգիլեն որեւէ քայլ կամ փորձ, որ կրնայ լարուածութիւն հրահրել կամ ներքին լիբանանեան առումով տագնապ ստեղծել, կամ ալ այլ պետութեան մը հետ Լիբանանի յարաբերութիւններուն վրայ ժխտական տպաւորութիւն ձգել:

Նախագահ Սլէյման երէկ կէսօրէ ետք ուղղուեցաւ Պաաքլին, ուր ցաւակցութիւն յայտնեց տիւրզի համայնքի գերագոյն հոգեւոր հեղինակութիւն շէյխ Ապու Մոհամետ Ժաուատ Ուալիէտտինի վախճանումին առիթով:

Հանրապետութեան նախագահը Պաաքլինի մէջ ընդունուեցաւ տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասանի, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի եւ տիւրզի պետական ու բարձրաստիճան պաշտօնատարներու կողմէ:

Նախագահ Սլէյման դրուատեց Ուալիէտտինի պայծառ միտքն ու իմաստուն ու պատուաբեր կեցուածքները:

Միւս կողմէ, շաբաթավերջին նախագահ Սլէյման Պաապտայի մէջ ընդունեց Երկխօսութիւն կուսակցութեան նախագահ Ֆուատ Մախզումին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող հարցերը եւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերող հարցեր:

Հանդիպումէն ետք Մախզումի շեշտեց, որ ինք կը զօրակցի համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքին:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Ղասսան Ղոսըն:

Share this Article
CATEGORIES