Պաթմանի Հայոց Եկեղեցին Ներկայիս Կը Գործածուի Իբրեւ Աղբանոց

«Մարմարա» կը տեղեկացնէ, որ թրքական «Ռատիքալ» օրաթերթին մէջ Արիֆ Ասլանի ստորագրութեամբ հաղորդուած լուրի մը մէջ հաղորդուած է, որ Պաթմանի Ենիփընար գիւղին մէջ գտնուող ու 11-րդ դարէն մնացած հայկական եկեղեցին ներկայիս կը գործածուի իբրեւ աղբանոց: Եկեղեցւոյ կարգ մը սիւներն ու զարդաքանդակներն ալ իբրեւ սանդուխի աստիճան գործածուեր են գիւղացիներու ախոռներուն եւ տուներուն մէջ:

Պաթմանի համալսարանի վերատեսուչ, Հասանքէյֆի պեղումներուն պատասխանատու փրոֆ. Ապտիւսսելամ Ուլուչամ յայտնեց, որ «այս հողատարածքին վրայ կան 11-րդ եւ 14-րդ դարերէն մնացած եկեղեցիներ ու վանքեր եւ ասոնք պատմական ժառանգութիւններ են մեզի համար, մենք պարտաւոր ենք պաշտպան կանգնիլ անոնց»:

Կուսակցութիւնն ալ զօրավիգ պիտի կանգնի գիտական ծրագիրի մը, որով մէկ առ մէկ պիտի ճշդուին Պաթմանի շրջանին մէջ առկայ պատմական յուշարձանները:

«Ի՛նչ կրօնի ալ պատկանած ըլլան, մեզի ժառանգ ձգուած այս յուշարձաններուն պէտք է նայինք մեր աչքի լոյսին պէս», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Կազմած ենք երկու խմբակներ, որոնց միջեւ ութ մասնագէտներ կան: Երկու տարուան մէջ Պաթմանի սահմաններուն մէջ գտնուող բոլոր յուշարձանները պիտի արձանագրուին, անոնց վերանորոգութիւնը պիտի ընենք, զանոնք պիտի շահեցնենք մեր զբօսաշրջութեան»:

Գիւղի բնակիչներէն Ալի Ուչար ըսաւ, որ ինք ծայր աստիճան անհանգիստ է` տեսնելով, որ պատմական յուշարձաններու սիւներն ու քանդակները գործածուեր են ախոռներու կամ այլ շինութիւններու մէջ: «Եկեղեցւոյ ութ սիւներէն չորսը քակուեցան, մեր բոլորին համար շատ ամօթ է, որ մեր գաւառակի կեդրոնին մէջ գտնուող պատմական յուշարձան մը այսպիսի վիճակի մը մատնուի: Այսպիսի յուշարձաններու քանդակներուն նմանօրինակ շինութիւններու մէջ գործածուիլը ցոյց կու տայ, թէ որքան կը յարգենք պատմութիւնը», ըսաւ ան:

Share this Article
CATEGORIES